Կը Վերանորոգուի Մարութա Սարի Ս. Աստուածածին Եկեղեցին


ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Ներկայիս Թուրքիոյ տարածքին մաս կազմող Սասնոյ Մարութա (Մարաթուկ) լերան գագաթին գտնուող Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ վերանորոգման աշխատանքին համար, Պոլիսէն մասնագէտներու յատուկ խումբ մը ժամանած է Սասուն:

Ըստ թրքական «Հապերքիթա» կայքին՝ Սասնոյ հայերու միութեան ջանքերով, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ սկսած են վերանորոգման աշխատանքները: Սասնոյ հայերու միութեան նախագահ Ազիզ Տաղճը նշած է, թէ աշխատանքները կ՛իրականացուին ժամանակակից արհեստագիտութեամբ, իսկ եկեղեցւոյ ամբողջական վերականգնման աշխատանքները կրնան աւարտիլ 2015ի Յուլիսին:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.