Ինքնահրկիզում Ալիեւի Նստավայրին Մօտ

\n \n

ԵՐԵՒԱՆ, «ՓանԱրմինիըն».- Ատրպէյճանի նախագահի նստավայրին յարակից զբօսայգիի մը մէջ, Չորեքշաբթի, Օգոստոս 13ին, Սումգայիթի բնակիչներ՝ 39ամեայ Էլչին Ալիմուրատով ու անոր կինը՝ 32ամեայ Ժալի, ինքնահրկիզման դիմած են, բողոքելու համար իրենց բնակարանը քանդելու դատական որոշումին դէմ։ Տարբեր աստիճանի այրուածքներով, ամուսինները տեղափոխուած են հիւանդանոց։ Կը հաղորդուի, որ Էլչին Ալիմուրատով ղարաբաղեան պատերազմի մասնակից է:

\n \n

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.