Արեւելքի Քրիստոնեայ Հոգեւոր Պետերը Վտանգի Փողեր Հնչեցուցին

\n

\n

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին հրաւէրով երէկ Տիմանի մէջ տեղի ունեցաւ Արեւելքի քրիստոնեայ հոգեւոր պետերուն յատուկ կրօնական վեհաժողովը, որուն ընթացքին քննարկուեցան շրջանին եւ Լիբանանի իրադարձութիւնները, յատկապէս Իրաքի մէջ քրիստոնէական գոյութեան սպառնացող վտանգներն ու Իրաքը քրիստոնէաթափ շրջանի մը վերածելու արարքը:

\n

Վեհաժողովին ներկայ էր նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը, որուն կ՛ընկերակցէին Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան եւ կաթողիկոսարանի միջեկեղեցական յարաբերութեանց վարիչ Յուսիկ Ծ. վրդ. Մարտիրոսեան:

\n

Ներկայ պատրիարքներու կարգին խօսք առնելով վեհափառ հայրապետը շեշտեց հետեւեալ կէտերը.

\n

Ա) Տագնապալից պայմաններ կը դիմագրաւէ Միջին Արեւելքը, ինչպէս նաեւ քրիստոնեայ համայնքները: Այս կացութեան դիմաց մեր մօտեցումը պէտք է ըլլայ մեր ժողովուրդին յոյս ներշնչող եւ շրջանին մէջ մեր իրաւունքները պաշտպանող:

\n

Բ) Մեր կողմէ կատարուելիք յայտարարութիւնը պէտք է ըլլայ ամփոփ ու յստակ: Այսօր շրջանը յուզող հիմնական խնդիրը իսլամ ծայրայեղականութիւնն է, հետեւաբար, մեր կատարելիք յայտարարութիւնը յատուկ կարեւորութեամբ պէտք է անդրադառնայ այս իրողութեան ու մանաւանդ անոր ունեցած հետեւանքներուն, ընդհանրապէս փոքրամասնութիւններուն եւ յատկապէս քրիստոնեայ համայնքներուն վրայ:

\n

Գ) Անհրաժեշտ է կարեւորութեամբ ընդգծել, որ ինքզինք զանազան գունաւորումներով արտայայտող իսլամ ծայրայեղականութիւնը վտանգ մըն է նախ իսլամութեան, ինչպէս նաեւ ամբողջ շրջանին եւ համայն մարդկութեան: Այս ծիրին մէջ, նաեւ պէտք է դատապարտել կրօնը շահագործող եւ ահաբեկչական միջոցներով քաղաքական նպատակներ հետապնդող բոլոր ծայրայեղական շարժումները:

\n

Դ) Պէտք է կոչ ուղղել այն բոլոր պետութիւններուն` արաբական, իսլամական կամ արեւմտեան, որոնք ուղղակի թէ անուղղակի միջոցներով` քաղաքական, տնտեսական եւ զինուորական օժանդակութիւններ կը կատարեն իսլամ ծայրայեղական շարժումներուն:

\n

Ե) Անդրադառնալով քրիստոնեայ համայնքներուն դիմագրաւած տագնապին` յատկապէս Իրաքի մէջ, կոչ ուղղել Արաբական լիկային, Իսլամական համագումարին եւ Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան, իրենց յատուկ միջոցներով կասեցնելու քրիստոնեայ համայնքներուն դէմ տեղի ունեցող հալածանքներն ու բռնի արտագաղթը Իրաքի կարգ մը շրջաններէն:

\n

Զ) Շեշտել, թէ դարեր շարունակ քրիստոնեայ-իսլամ համակեցութիւնը, հակառակ երբեմն յառաջացած տագնապներուն, եղած է շրջանի պատմութեան ամէնէն յատկանշական երեւոյթներէն մէկը: Քրիստոնեայ համայնքները կը պատկանին Միջին Արեւելքին, անոնք կառչած կը մնան Միջին Արեւելքին եւ վճռած են խաղաղ գոյակցութեամբ ապրիլ իսլամներուն հետ:

\n

Է) Կոչ ուղղել սփիւռքի գաղութներուն իրենց զօրակցութիւնը գործնապէս արտայայտելու Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն նկատմամբ` քաղաքական ու տնտեսական օժանդակութիւններ կատարելով:

\n

Ը) Վերջապէս, կոչ ուղղել շրջանի բոլոր քրիստոնեաներուն, հակառակ տագնապալից կացութեան, կառչած մնալու Միջին Արեւելքին եւ վերադառնալու իրենց տուները, անմիջապէս որ ապահովութիւն հաստատուի:

\n

Վեհաժողովը խստիւ դատապարտեց Իրաքի, Սուրիոյ եւ այլ շրջաններու մէջ քրիստոնեաներուն դէմ գործուած սպանութիւններն ու բռնաճնշումները` շեշտելով, որ Մուսուլի եւ Նինուէի մէջ քրիստոնեաներուն հալածանքը խստիւ մերժելի է եւ պահանջուածը այն է, որ Իրաք դարձեալ վերադառնայ իր նախկին դիմագիծին, այսինքն` Իրաքի քրիստոնեաները վերադառնան իրենց բնակարանները, իսկ ահաբեկչական խմբաւորումներուն ֆինանսաւորումին վերջ տրուի:

\n

Վեհաժողովէն ետք մարոնի համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Պուլոս Մաթար եպիսկոպոսը կարդաց ներկաներուն նիստէն բխած հաղորդագրութիւնը, որուն մէջ ան միջազգային ընտանիքէն պահանջեց` ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին ընդմէջէն տալու որոշում մը, որուն հիման վրայ քրիստոնեայ իրաւատէրերը վերադառնան իրենց բնակարանները:

\n

Հոգեւոր պետերը պահանջեցին ահաբեկիչները ուղղակի կամ անուղղակի ֆինանսաւորող երկիրներէն եւ պետութիւններէն վերջ տալ իրենց արարքներուն, որովհետեւ կրօնական ծայրայեղութիւնը իր ժխտական ազդեցութիւնը պիտի ունենայ բոլորին վրայ:

\n

Հոգեւոր պետերը խստիւ դատապարտեցին նաեւ Հալէպի մէջ առեւանգուած երկու առաջնորդ եպիսկոպոսներուն թղթածրարին նկատմամբ ցուցաբերուած անտեսումը:

\n

Անոնք կարեւոր նկատեցին նաեւ Սուրիոյ դէմ պատերազմին կասեցումը` անհրաժեշտ նկատելով քաղաքական լուծումները:

\n

Լիբանանեան առումով պատրիարքները կատարեալ զօրակցութիւն յայտնեցին լիբանանեան բանակին` ահաբեկչութեան դէմ անոր մղած պայքարին առումով եւ այս իմաստով անոնք գնահատեցին լիբանանցիներուն միասնականութիւնը:

\n

Վեհաժողովին ընթացքին շեշտուեցաւ հաւատադրժողական այս խմբաւորումներուն նկատմամբ թուլութիւն չցուցաբերելու անհրաժեշտութիւնը:

\n

Քրիստոնեայ հոգեւոր պետերը դատապարտեցին Կազայի դէմ իսրայէլեան պատերազմը` պահանջելով լուծել պաղեստինեան դատը եւ ապահովել պաղեստինցի գաղթականներուն տունդարձը, ինչպէս նաեւ ապահովել արաբական հողերէն (Պաղեստին, Սուրիա, Լիբանան) իսրայէլեան ուժերուն հեռացումը:

\n

 

\n

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.