Ֆէթհիյէ Չէթին. «Վարչապետ Էրտողան պաշտպան կը կանգնի Տինքի սպանութեան դերակատարներուն
- (0)
Հրանդ Տինքի սպանութեան դատավարութեան մէջ նոր փոթորիկ մը ծագած է Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճէփ Թայիփ Էրտողանի կողմէ վերջին օրերուն յայտնուած կարծիքի մը հետեւանքով։ Վարչապետ Էրտողան յայտարարած էր, որ Հրանդ Տինքի սպանութեան խնդիրը անհատական բնոյթ ունէր եւ կը կարծէր թէ սխալ է Տինքի սպանութեան ետին փնտռել ոճրագործներու աւելի մեծ կազմակերպութիւն մը։

Չէթին, ըսաւ որ Վարչապետ Էրտողան ինքն իրեն կը հակասէ։ Ան կ՚անտեսէ Էրկէնէքոնի հարցով ձերբակալուած եւ հիմա ազատ արձակուած դէմքերը ինչպէս Վէլի Քիւչիւք, Մուզաֆֆէր Թէքին, Քէմալ Քէրինչսիզ, Սէվկի Էրէնէրօլ, որոնք դերակատարութիւն ունին Հրանդ Տինքի սպանութեան մէջ։ Ըստ Ֆէթհիէ Չէթինի, Էրտողան այս կերպով 180 աստիճանի ետդարձ մը ըրած է։ Ան մէկ կողմէ սկսած է պաշտպանել բուն պատասխանատուները, մէկ կողմէ դէմ եկած է Թուրք պատժական օրէնքին, որովհետեւ իր յայտարարութիւնը կրնայ ազդել դատարանին որոշումին վրայ, մինչ դատավարութիւնը դեռ կը շարունակուի։
