Նախագահ Սերժ Սարգսեան Այցելեց Հայրենի Ճատրակ Խաղացողներուն

 

Horizon Weekly NewspaperՀայաստանի Հանրապետութեան նախագահ, Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնի նախագահ Սերժ Սարգսեան այցելեց Աղվերան, ուր տեսակցութիւն ունեցաւ եւ ծանօթացաւ Թրոմսոյի մէջ տեղի ունենալիք ողիմպիականին պատրաստուող Հայաստանի տղոց եւ աղջկանց ճատրակի հաւաքականներուն մարզումներուն:

Նշենք, որ մարզիչներ Արշակ Պետրոսեանի եւ Արթուր Չիպուխչեանի հրապարակած կազմերու անդամներուն անունները հետեւեալներն են` ըստ խաղատախտակներու:

ՏՂԱՔ
Լեւոն Արոնեան, Գաբրիէլ Սարգսեան, Սերկէյ Մովսիսեան, Վլատիմիր Յակոբեան եւ Տիգրան Քոթանճեան:

ԱՂՋԻԿՆԵՐ
Էլինա Դանիէլեան, Լիլիթ Մկրտչեան, Մարիա Քուրսովա, Լիլիթ Կալոյեան եւ Շուշանա Սարգսեան:

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.