Տեմիրթաշ. «Թուրքիոյ Մէջ Տակաւին Ժխտուող Հայոց Ցեղասպանութեան Հարց Գոյութիւն Ունի»


«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ մէջ օգոստոսին նախատեսուած նախագահական ընտրութեան քրտական Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան նախագահական թեկնածու Սալահէտտին Տեմիրթաշ անգամ մը եւս անդրադարձած է Թուրքիոյ կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման խնդիրին:

Տեմիրթաշ թրքական «Էն.Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանի «Կը խօսին թեկնածուները» յայտագիրին հիւրը ըլլալով յայտարարած է, որ Թուրքիոյ մէջ «տակաւին ժխտուող Հայոց ցեղասպանութեան հարց գոյութիւն ունի»:

«Կայ ժխտուող Հայոց ցեղասպանութեան հարց, կան Տերսիմի, Սվազի, Մարաշի կոտորածներու, Կեզիի հարցեր: Թուրքիոյ մէջ չկայ հատուած մը, որ վնաս կրած կամ տուժած չըլլայ: Այս ամէնէն ետք պէտք է իրական առերեսում կատարենք, որպէսզի մեր եղբայրութիւնը աւելնայ», ըսած է Թուրքիոյ նախագահական թեկնածուն:

Ըստ Տեմիրթաշի, անցեալին կատարուած զազրելի իրադարձութիւնները պէտք է անտարբերութեան չմատնուին, որովհետեւ, անոր խօսքով, ատիկա կարեւոր է, որպէսզի հասարակութեան մէջ իրարու նկատմամբ վստահութիւն յառաջանայ:

Թուրքիոյ նախագահութեան` ազգութեամբ զազա քիւրտ թեկնածուն խօսած է նաեւ ընտրուելու պարագային իր ապագայ ընելիքներուն մասին: «Եթէ ընտրուիմ, իմ առաջին գործս պիտի ըլլայ Թուրքիոյ նոր սահմանադրութիւնը ստեղծելը: Կը փափաքիմ, որ Թուրքիան ըլլայ նոր, ազատական եւ քաղաքացիական սահմանադրութիւն ունենայ», ըսած է ան: Ան նաեւ նշած է, որ իր ծրագրած նոր սահմանադրութեամբ կը նախատեսուի ոչ թէ աւելցնել նախագահի լիազօրութիւնները, այլ աւելի սահմանափակել զանոնք:

Սալահէտտին Տեմիրթաշ ընդգծած է, որ առանց սրբագրելու անցեալի սխալները, կարելի չէ ձեւաւորել Թուրքիոյ յաջորդ հարիւր տարուան տեսլականը:

«Սի.Էն.Էն.Թիւրք»-ի կողմէ կատարուած հարցախոյզի մը համաձայն, յառաջիկայ ընտրութիւններուն նախագահի թեկնածու Տեմիրթաշի օգտին քուէարկելու խոստում տուած են 40861 ընտրողներ, ընդդիմութեան միասնական թեկնածու Էքմելէտին Իհսանօղլուի օգտին` 12233, իսկ վարչապետ, իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան թեկնածու Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի օգտին` 7115 ընտրողներ:

Թուրքիոյ մէջ հերթական նախագահական ընտրութիւնը նախատեսուած է 10 օգոստոսին:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.