Համշէնահայերէն Շատեր Յաճախ Չեն Գիտեր Իրենց Հայ Ըլլալը


ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հոպայի մէջ բնակող համշէնահայերը քաղաքի ձախակողմեաններուն հետ արգիլած են «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման հետ կապ ունեցող կազմակերպութեան անդամները քաղաքին մէջ Ռամատանի առիթով սուրբ սեղան բանալ: 23 Յուլիսին լրագրողներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին այս մասին յայտնած են Հոփա քաղաքէն Հայաստան ժամանած համշէնահայեր Ասլան Ճանճը եւ Ռեմզի Քետիքը:
«Քաղաքապետարանը այդ կազմակերպութեան արտօնութիւն տուած է սեղան բանալ, քանի որ քաղաքապետարանի աշխատակազմը բաղկացած է Արդարութիւն եւ զարգացում կուսակցութեան ներկայացուցիչներէն, բայց մենք թոյլ չտուինք անոնց, որ այդ բանը ընեն, քանի որ մամուլէն տեղեկացած էինք, որ անոնք կ՛աջակցին այդ ահաբեկչական խմբաւորման», յայտնած է Ռեմզի Քետիքը:
18րդ դարու աւարտին, 19րդ դարու սկիզբը Թուրքիոյ մէջ սկսաւ Համշէնի հայերուն բռնի իսլամացումը, ոմանք կրցած են հեռանալ հայրենիքէն, իսկ մնացեալը իսլամացած են։ Բանախօսներուն համաձայն՝ Թուրքիոյ մէջ այսօր կը բնակին շուրջ 35-40 հազար համշէցիներ, որոնց 70 տոկոսը կ՛ապրի Հոփա քաղաքին մէջ։ Անոնք հիմնականօրէն կը զբաղին թէյի մշակմամբ, առեւտուրով, արդիւնաբերութեամբ եւ արհեստներով: Լայն տարածում ունին միջամուսնութիւնները. համշէնահայերուն 90 տոկոսը ամուսնացած է համշէնահայերու հետ:
Ըստ Ճանճի՝ հարիւրամեակներ շարունակ անոնք ինքնութեան ու լեզուի պահպանման դժուար ուղի անցած են։ Ան կ՛ասմունքէ մայրենի լեզուով՝ համշէնահայերէնով: Ընկերոջ՝ Ռեմզի Քետիքի հետ որպէս զբօսաշրջիկ եկած են Թուրքիոյ մէջ ամէնէն աւելի տոկոսով համշէնահայերով բնակեցուած Հոփա քաղաքէն:
Համշէնահայերը դիտել տուած են, որ Թուրքիոյ մէջ մեծապէս զգալի է փոքրամասնութիւններուն նկատմամբ պետական խտրականութիւնը։ «Թուրքիոյ հանրապետութեան հիմնադրութենէն ի վեր ազգային փոքրամասնութիւններուն նկատմամբ խտրական քաղաքականութիւն որդեգրուած է, որովհետեւ անոնք միշտ որպէս վտանգ կ՛ընկալուին: Բայց ես՝ որպէս համշէնահայ, այդպիսի շեշտուած վերաբերմունք չեմ զգացած, գուցէ պատճառը այն է, որ վերջին 30 տարիներուն անասնապահութեամբ կը զբաղէի, իսկ այդտեղ խտրականութիւն չէր կրնար ըլլալ: Հիմնականօրէն խտրական վերաբերմունքը զգացած ենք դպրոցներուն մէջ, ուր փոքրամասնութիւններուն արգիլուած է իրենց մայրենի լեզուով խօսիլ: Այդ պատճառով անոնք կը պատժուին։ Բայց, հակառակ այս բոլորին, մենք կրցանք պահպանել մեր լեզուն», նշած է Ռեմզի Քետիք:
Համշէնահայերէն շատեր յաճախ չեն գիտեր ալ, որ հայ են: «Հա՞յ ես» հարցումին կը պատասխանեն՝ «համշէնցի եմ»: Շատերը նոյնիսկ համշէնահայերէնը մոռցած են։ Ասոր պատճառը փոքրամասնութիւններուն նկատմամբ Թուրքիոյ վարած քաղաքականութիւնն է։
«Օրինակ, թուրք պատմաբան Քիրզիօղլուի տարածած տեսութեան համաձայն՝ համշէնահայերը ծագում առած են օւուզական ցեղերէն: Անկարելի է, որ այդ «գիտնականներու» աշխատութիւնները ընթերցած համշէնահայերը չիյնան անոնց ազդեցութեան տակ: Շատերը երկդիմի վիճակի մէջ են եւ չեն կրնար կողմնորոշուիլ իրենց ծագումնաբանութեան հարցով: Բայց վերջին շրջանին, յատկապէս համշէնահայ երիտասարդները, որոնք սկսած են կրթութիւն ստանալու եւ հետաքրքրուելու համշէնական մշակոյթով, կը նկատեն, որ անիկա աղերս ունի հայկական մշակոյթին հետ: Այսպիսով անոնք կը սկսին մտածելու այդ փաստերուն մասին», ըսած է Ասլան Ճանճ:
Համշէնահայերը իրենց երեխաներուն հիմնականօրէն թրքական անուններով կը կոչեն: Վերջին շրջանին, սակայն, նորածիններուն նաեւ հայկական անուններ կու տան, օրինակ՝ Արեւ, Կարէն: Ինքնութիւնն ու մշակոյթը պահպանելու նպատակով կը գործէ «Հատիկ» կոչուող կազմակերպութիւնը: Սեպտեմբերին Թուրքիոյ մէջ լոյս պիտի տեսնէ առաջին համշէնահայ ամսագիրը:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.