ՀՀ Ազգային Ժողովի պատուիրակութիւնը Օթթաուայի մէջ մասնակցեցաւ Ֆրանքոֆոնի միջազգային կազմակերպութեան խորհրդարանական վեհաժողովին
\n
\n
Յուլիս 4-9-ը ՀՀ Ազգային Ժողովի պատուիրակութիւն մը` ի դէմս պատգամաւորներ Մարգարիտ Եսայեանի (ՀՀԿ), Մնացական Մնացականյեանի (ՀՀԿ) և Արմէն Ռուստամեանի (ՀՅԴ), Օթթաուայի մէջ` առաջին անգամ ըլլալով մասնակցած է Ֆրանքոֆոնի միջազգային կազմակերպութեան խորհրդարանական վեհաժողովին: Նիստերու ընթացքին, վաւերացուեցաւ նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան վերոնշեալ խորհրդարանական համագումարի լիիրաւ անդամակցութեան Հայաստանի դիմումը։
\n
Յուլիս 8-ին Գանատայի ՀՀ դեսպանութիւնը կազմակերպած էր պատգամաւորներու հանդիպումը Օթթաուայի հայ համայնքին հետ: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Գանատայի մօտ ՀՀ դեսպան Արմէն Եգանեան, որմէ ետք պատգամաւորները հանգամանօրէն անդրադարձան հայկական պատուիրակութեան մասնակցութեան խորհրդարանական վեհաժողովին և արդիւնքներուն, որուն յաջորդեց հարց ու պատասխանը:
\n
Այնուհետև, պաշտօնական ընդունելութեան ժամանակ ներկաները հնարաւորութիւն ունեցան անմիջականօրէն ծանօթանալ պատուիրակութեան անդամներուն հետ:
\n