Ստեփանակերտի Յուշահամալիրին Մէջ՝ Ցեղասպանութեան Զոհերուն Նուիրուած Յուշակոթող

\n

 

\n

\n

\n

\n

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արցախփրէս».– Մեծ Եղեռնի 100ամեակին ընդառաջ նախատեսուած է Ստեփանակերտի յուշահամալիրին մէջ կանգնեցնել Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած յուշակոթող։ «Զանգակատուն» խորագիրով յուշակոթողի նախագիծը մշակած են ճարտարապետներ Վլադմիր եւ Միքայէլ Սարգսեանները:
«Արցախփրէս»ի թղթակիցին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յուշարձանի նախագիծի համահեղինակ Միքայէլ Սարգսեան նշած է, որ նախագիծի մշակման աշխատանքները սկսած են 2 տարի առաջ, ապա Ճարտարապետական խորհուրդը 20 տարբերակներէն ընտրած է մէկը, որ իր չափերով, տեսքով ու բարձրութեամբ համահունչ է այն տարածքին, ուր նախատեսուած է կանգնեցնել յուշակոթողը:
Միքայէլ Սարգսեան տեղեկացուցած է նաեւ, որ յուշակոթողի արցախեան տարբերակի կառուցման աշխատանքները արդէն մեկնարկած են: «Զանգակատունը կը կառուցուի Սզնեքի սպիտակ մարմարով եւ կ՛ունենայ 18 մետր բարձրութիւն: Ընդ որում, յուշակոթողի զանգը նախատեսուած է այնպիսի բարձրութեան վրայ, որպէսզի այն հնչեցնելը հասանելի լինի բոլոր այցելուների համար», դիտել տուած է Միքայէլ Սարգսեան՝ աւելցնելով, որ կառուցման աշխատանքները նախատեսուած է աւարտին հասցնել մինչեւ Մեծ Եղեռնի 100ամ-եակը:

\n

 

\n

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.