Կարելի Եղած Է Կասեցնել Հայաստանէն Թմրեցուցիչի Մաքսանենգումը

\n

\n

ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».– Ելեւմուտքի նախարարութեան «Նախաբացթողումային հսկողութեան վարչութեան» աշխատակիցները, կրցած են կանխարգիլել շուրջ 4.5 քիլոկրամ ափիոն տեսակի թմրանիւթի ապօրինի արտածումը։ Այս մասին յայտնած է Պետական եկամուտներու կոմիտէի մամլոյ ծառայութիւնը:
\n «Իրացնելով օպերատիւ տուեալները՝ առանձնակի խոշոր չափի թմրամիջոցի ապօրինի արտահանման 2 դէպք ենք բացայայտել: Իրանի 2 քաղաքացի փոստային ծանրոցներով փորձ են արել շուրջ 4.5 կգ «ափիոն» տեսակի թմրամիջոց արտահանել Կանադա, ինչը, սակայն, մեր աշխատակիցների զգօնութեան եւ արագ կողմնորոշման շնորհիւ յաջողուել է կանխել», դիտել տուած է «Նախաբացթողումային հսկողութեան վարչութեան» պետ Վահրամ Գուրողլեանը:
\n Մաքսային պահեստին մէջ զն-նման ենթարկելով փոսթային ծանրոցը՝ վարչութեան աշխատակիցները մետաղեայ պտուտակի հորիզոնական հատմամբ յայտնաբերած էին 2 քիլոկրամ 200 կրամ ընդհանուր ծանրութեան ափիոն տեսակի թմրամիջոցին նմանող իւրայատուկ սուր հոտով մուգ շագանակագոյն նիւթ:
\n Միւս պարագային ալ ելեկտրական արդուկն էր թմրեցուցիչի պատուած տեղը. «արդուկ-պրեսի փայտանման հարթակից ՆՀՎ աշխատակիցները յայտնաբերել էին պոլիէթիլենով եւ փայլաթիթեղով փաթեթաւորուած աւելի քան 2 կգ. ընդհանուր քաշով՝ նոյնպէս ափիոնանման զանգուած», նշուած է յայտարարութեան մէջ։
\n Վարչութեան պետին համաձայն՝ փորձը ցոյց տուած է, որ օրինախախտները ամէն անգամ տարբեր հնարքներով եւ մեթոտներով կը փորձեն շրջանցել մաքսային հսկողութիւնը:
\n «Մենք եւս անընդհատ կատարելագործում ենք հսկողական մեխանիզմները. պարբերաբար դիտարկում, վերլուծում ենք մաքսանենգութեան հնարաւոր ուղիները եւ մեթոդները, որպէսզի համարժէք քայլերով կանխենք իրաւախախտման փորձերը», յայտնած է ան։
\n Ան վստահեցուցած է, որ սահմանային բոլոր անցակէտերուն վրայ խիստ հսկողութիւն կայ. նոյնիսկ աննշան կասկած յարուցող դէպքը հետեւողական քննութեան կ՛ենթարկուի «Նախաբացթողումային հսկողութեան վարչութեան» աշխատակիցներուն կողմէ: «Փոստային առաքումների ուղին եւս գտնւում է մաքսային ուժեղացուած հսկողութեան ներքոյ», յայտնած է ան։

\n

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.