Արթուր Աղաբեկեան Ունի Արցախի Նախագահ Ըլլալու Ցանկութիւն

\n

\n

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Ապառաժ».- Վերջերս «Ապառաժ»ի կայքին վրայ հրապարակուած է հարցազրոյց մը ԼՂՀ փոխվարչապետ Արթուր Աղաբէկեանի հետ (նոյն հարցազրոյցը հրատարակուած է «Ասպարէզ»ի , ուր ան մասնաւորապէս անդրադարձած է Արցախի մէջ խորհրդարանական կառավարման համակարգի եւ 100 տոկոս համամասնական ընտրակարգին անցնելու անհրաժեշտութեան:
\n Յօդուածը համացանցի վրայ աշխոյժ քննարկման նիւթ դարձած է: Լոյս տեսած են որոշ ակնարկներ, ըստ որոնց փոխվարչապետը չի կրնար մասնակցիլ Արցախի յաջորդ նախագահական ընտրութիւններուն, այդ պատճառով ան կը ջանայ գրաւել վարչապետի պաշտօնը:
\n «Ապառաժ»ի լրագրողը այս հարցով դիմած է Արթուր Աղաբէկեանին՝ մեկնաբանելու համար այս ակնարկները: Փոխվարչապետը տուած է հետեւեալ մեկնաբանութիւնը. «ԼՂՀ նախագահի թեկնածու լինելու իրաւունքը վաստակել եմ տասնեակ տարիներ առաջ 1988ին, 1990ականներին, եւ առ այսօր շարունակում եմ իմ գործունէութիւնն այդ ուղղութեամբ, սակայն քննարկումները պէտք է ընթանան ոչ թէ վաստակած իրաւունքի շրջանակներում, այլեւ պատասխանատուութիւն ստանձնելու պարտրաստակամութեան շրջանակում: Քաղաքական գործչի գերնպատակը պէտք է լինի ոչ թէ վաստակած իրաւունքի իրացումը, այլեւ պատասխանատուութիւն ստանձնելու կամքի դրսեւորումը, այսօր ես պատրաստ եմ ստանձնելու այդ պատասխանատուութիւնը, եւ իհարկէ ցանկութիւն ունեմ լինել ԼՂՀ նախագահի թեկնածու»:

\n

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.