Հայաստան կարողութիւնը ունի տարեկան 300 հազար թոն իշխան արտադրելու

\n

\n

Ըստ Հայաստանի ձկնաբոյծերու ընկերակցութեան նախկին ղեկավար, «Ակվատեխավտոմատիկա» ընկերութեան գլխաւոր տնօրէն Արկադի Գևորգեանի, Հայաստան կարողութիւնը ունի տարեկան 300 հազար թոն իշխան արտադրելու։

\n

ԱՌԿԱ լրատուական գործակալութեան հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին ան կը յայտնէ, թէ ժամանակին Հայաստանի ձկնաբոյծերու ընկերակցութիւնը ձկնաբուծութեան զարգացման ծրագիր մշակած էր և հաշուած էր, որ համապատասխան ֆինանսաւորման և սպառման շուկաներու ապահովման պարագայիթն, Հայաստանի մէջ իշխան և թառափ ձուկի տեսակներու տարեկան արտադրութիւնը կրնայ հասնիլ 300 հազար թոնի, որ  դրամական համապատասխան արժէքով կը կազմէ տարեկան մօտ 2 միլիառ տոլարի։ Ընդ որում Հայաստանի մէջ ջրային աղբիւրներու նպատակային օգտագործման ղարագային արտադրութեան ծաւալները կրան աւելի շատ ըլլալ։  

\n

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.