Թուրք Նահանգապետներ Ու Հայաստանցի Սահմանապահներ Գիւմրիի Մէջ Ժողով Գումարեցին

\n \n

Կարս նահանգի նահանգապետներ, որոնք սահմանային հարցերու մասին բանակցելու լիազօրութիւնը ունին, Հայաստանի սահմանային Գիւմրի քաղաքին մէջ հանդիպում մը ունեցան Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանային հարցերու լիազօրներու հետ։
\n Թրքական կողմէն այդ հանդիպման կը մասնակցէին Արփաչայի նահանգապետ Ֆարուք Էրտեմ, Ագիագայի նահանգապետ Օսման Ուղուրլու, Տիկորի նահանգապետ Նեւզատ Գարգաճը եւ զինուորական մասնագէտ Այհան Օճաք։
\n Երկու կողմերու պատուիրակները քննարկեցին սահմաններու ապահովութեան ու սահմանագիծին վրայ կայանալիք աշխատանքներու հարցերը։ Հանդիպման ընթացքին համաձայնագիր մը ստորագրուեցաւ սահմանաքարերու, սահմանանշաններու, հանդիպման կէտերու եւ այլ սահմանային հարցերու գծով կատարուելիք աշխատանքին վերաբերեալ։ Հայաստանեան կողմը յանձնառու եղաւ, որ մինչեւ Յուլիսի վերջաւորութիւն՝ ամբողջացնէ սահմանաքարերու ու սահմանային նշաններու վերաքննութիւնը։
\n Կողմերը համաձայնեցան, որ յաջորդ հանդիպումը կայանայ Թուրքիոյ մէջ։

\n \n

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.