«Նա­հա­տակ­ուե­ցաւ Տէր Զօ­րի հո­ղին վրայ» – ԱՆԴՕ ՔԱՀՔԷՃԵԱՆԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ


Յու­շա­քան­դակ` Հա­լէ­պի բեր­դին վրայ, ամ­րա­կալ­ուած հայ նա­հա­տակ­նե­րու շա­րա­սիւ­նով… Վեր­ջին նա­մակ հա­րա­զատ­նե­րուն` գա­ղա­փա­րա­պաշտ զի­նուո­րէն… «Եթէ նա­հա­տակ­ուիմ, որ­պէս դաշ­նակ­ցա­կան կ՛ու­զեմ նա­հա­տակ­ուիլ»… Երկ­նա­կա­մա­րը ոռոգ­ուե­ցաւ սր­բա­զան քա­ջի արիւ­նով… Հո­ղը թե­թեւ գայ վրադ: Վարդ գա­րունդ անձ­րե­ւեց որ­դե­կո­րոյս մօրդ ար­ցունք­նե­րով: 

Առ­նա­կան մար­տու­նա­կութ­եամբ եւ երի­տա­սար­դա­կան խան­դով խայ­տա­ցող Ան­դօ Քահ­քէճ­եա­նի սիր­տը քա­ռա­սուն օրե­րէ ի վեր դադ­րած է բա­բա­խե­լէ: Հա­յազ­գի զի­նուո­րը իր քա­ղա­քաց­ի­ա­կան պար­տա­կա­նու­թեան ըն­թաց­քին նա­հա­տակ­ուե­ցաւ` իր հե­րո­սի արիւ­նով ոռո­գե­լով Տէր Զօ­րի նա­հա­տակ­նե­րուն ան­շի­րիմ ոս­կոր­նե­րը: Նա­հա­տա­կին ըն­կեր­նե­րը խոր յու­զու­մով թարգ­մա­նը կը հան­դի­սա­նան իրենց ըն­կե­րոջ ապ­րում­նե­րուն եւ կը գրեն . «Նա­հա­տակ­ուե­ցաւ Տէր Զօ­րի հո­ղին վրայ, այդ հո­ղին, որ հա­րիւր տա­րի առաջ ոռոգ­ուե­ցաւ իր նա­խա­հայ­րե­րուն արիւ­նով, բայց նա­հա­տա­կու­թիւնը տար­բեր էր այս ան­գամ. Ան­դօն նա­հա­տակ­ուե­ցաւ` պաշտ­պա­նե­լու հա­մար այն հո­ղը, որ հիւ­րըն­կա­լեց իր նա­խա­հայ­րե­րը:

Մնաց անօ­թի, բայց չլ­քեց իր զէն­քը, նա­հա­տակ­ուե­ցաւ, որ­պէս­զի ապ­րի Սուր­ի­ան եւ մենք… Փա՜ռք ու պար­ծանք քեզ… Յի­շա­տակդ վառ պի­տի մնայ յա­ւիտ­եան, նա­հա­տակ ըն­կեր…»: «Ազ­գա­յին եւ գա­ղա­փա­րա­կան դաստ­ի­ա­րա­կու­թեամբ հա­սակ առած Ան­դօն իր հա­մակ կեան­քը ապ­րե­ցաւ եւ թրծ­ուե­ցաւ Դաշ­նակ­ցու­թեան իտ­է­ալ­նե­րով եւ գա­ղա­փա­րա­բա­նու­թեամբ: Հ.Մ.Ը.Մ-ական էր իր գի­տակ­ցու­թեամբ ու բնազ­դով. գի­տա­կից կար­գա­պա­հու­թեան ախոյ­եան էր: Քա­ջա­կո­րով եւ յա­խուռն նկա­րագ­րի տէր Ան­դօն ճանչց­ուած էր իր ըն­կե­րա­սի­րու­թեամբ եւ ծա­ռա­յա­սի­րութ­եամբ: Բա­ցի վե­րոնշ­եալ նկա­րագ­րա­յին գի­ծե­րէն, Ան­դո­յի տի­պա­րին բնո­րոշ գի­ծերն էին նա­եւ պար­զու­թիւնը, պար­կեշ­տու­թիւնն ու ան­շա­հախնդ­րու­թիւնը: Եր­կա­րա­տեւ զի­նուո­րա­կան ծա­ռա­յութ­եան օրե­րուն, տե­սա­կա­ւոր եւ անա­սե­լի տա­ռա­պանք­նե­րու եւ զր­կանք­նե­րու են­թարկ­ուած զին­ուո­րի հո­գին կը կոտ­տար եւ կը մղկ­տար իր հա­րա­զատ­նե­րուն կա­րօ­տով. հա­մակ էու­թեամ­բ կ՛եր­գէր. 


«Թռ­չէի մտ­քով տուն, 
Ուր իմ մայրն է ար­թուն, 
Տես­նէի այն առուն, 
Կա­րօ­տով ես ան­հուն, 
Ուր ամէն մի գա­րուն
Ջրե­րով վա­րա­րուն 
Կար­կա­չում էր սա­րե­րում»: 

Յու­սա­հա­տու­թեան անո­ղոք պա­հե­րուն զի­նուո­րին հո­գին կը գու­շա­կէ իր նա­հա­տա­կու­թիւնը. մայ­րա­կան տա­քուկ գիր­կը նետ­ուե­լու եւ յոգ­նա­բեկ գլու­խը անոր կուրծ­քին վրայ հանգ­չեց­նե­լու կա­րօ­տով հրա­ժեշ­տի նա­մակ մը կը գրէ անոր, որ էու­թե­նա­կան խռովք կ՛ար­տա­յայ­տէ. «Մա­մա՛, եթէ նա­հա­տակ­ուիմ, մի՛ լար, ճա­կատդ բարձր քա­լէ՛ դա­գա­ղիս ետե­ւէն. ես նա­հա­տակ­ուե­ցայ` յա­նուն Սուր­իոյ, հպարտ եղի՛ր, հե­րո­սի մայր ես»: Նա­հա­տա­կու­թեան դափ­նեպ­սա­կին ար­ժա­նա­ցած հե­րոս­նե­րը մեզ­մէ ար­ցունք եւ ողբ չեն սպա­սեր. անոնք կը յա­ւեր­ժա­նան եւ կեն­դա­նի օրի­նակ կը ծա­ռա­յեն իրենց սխ­րա­գոր­ծու­թեամբ եւ անձն­ուի­րու­թեամբ: Քա­ռա­սուն օր ետք, կը մնայ հաս­տա­տել, որ հա­կա­ռակ Ան­դո­յի մարմ­նա­կան բա­ցա­կա­յու­թեան, անոր շուն­չը կեն­դա­նի է:

Ան կը սա­ւառ­նի հա­րա­զատ­նե­րուն եւ ըն­կեր­նե­րուն հո­գի­նե­րուն մէջ, պատ­գա­մե­լով, որ հայ­րե­նիք­նե­րը կը գո­յա­տե­ւեն շնոր­հիւ իր նման սր­բա­զան «խեն­թեր»-ուն: Իրօք, նա­հա­տակ­նե­րը կեն­դա­նի են այն­քան ատեն, որ հա­ւա­քա­կա­նու­թիւն­նե­րը կը խո­նար­հին անոնց սխ­րանք­նե­րուն ու յի­շա­տա­կին առ­ջեւ, եւ ամէն քայ­լա­փո­խի` ար­ժա­նա­հա­ւա­տօ­րէն կ՛ըն­դե­լուզ­ուին անոնց սէգ ճա­կատ­նե­րէն ցայ­տող վե­րապ­րե­լու կամ­քին նե­րու­ժով: 

Խունկ ու մոմ եւ ծունկ մը աղօթք քու ան­մեռ յի­շա­տա­կիդ: «Խա­ղա­ղու­թեամբ նն­ջէ՛, դուն մեր սր­տումն ես» սի­րե­լի Ան­դօ:

Արաքս Փիլաւճեան


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.