ԸՍՏ ԹՈՒՐՔ ՊԱՏՄԱԲԱՆՆԵՐՈՒ՝ Արխիւներուն Մասին Էրտողանի Պնդումը Սուտ Է
\n
\n
ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան Ցեղասպանութեան մասին իր ցաւակցական յայտարարութեան մէջ դարձեալ պնդած էր, որ Թուրքիոյ արխիւները բաց են բոլոր հետազօտողներուն համար՝ ըսելով. «Այսօր մեր արխիւներուն մէջ գտնուող հարիւր հազարաւոր փաստաթուղթեր կրնան օգտագործուիլ բոլորին կողմէ»:
\n Սակայն, «Ակօս» շաբաթաթերթի կայքը կը տեղեկացնէ, թէ պատմաբաններ Թաներ Աքչամ եւ Այհան Աքթար ընդգծած են, որ արխիւային փաստաթուղթերէն շատերը կարելի չէ ուսումնասիրել:
\n Աքչամ ըսած է, որ վարչապետին նշեալ յայտարարութիւնը իրականութեան չի համապատասխաներ եւ շեշտած է, թէ գլխաւոր դատախազութեան ռազմական բնոյթի արխիւները թէեւ առեւերոյթ բաց են, սակայն անոնցմէ կարելի չէ օգտուիլ:
\n Աքչամ ապա աւելցուցած է, թէ նախ վարչապետը, ապա կառավարութիւնն ու հանրութիւնը պէտք է յստակօրէն տեղեակ ըլլան, որ այդ արխիւը, որ բոլոր ռազմական միաւորումներու, ինչպէս նաեւ Էնվեր փաշայի ու Թալէաթ փաշայի ներքին հրամաններն ու գրագրութիւնները կը պարունակէ, շատ կարեւոր է Հայկական Ցեղասպանութիւնը լուսաբանելու համար: «Առանց անոնց, բոլոր աշխատանքները կիսատ եւ միակողմանի պիտի ըլլան, եւ ցարդ այդպէս ալ են: Վարչապետի յայտարարութեան մէջ այդ շատ կարեւոր կէտը՝ «բաց արխիւները», կարելի չէ իրականութիւն նկատել, քանի որ հոն գտնուած բոլոր նիւթերը ուսումնասիրութիւններու համար բաց չեն եւ հասանելի չեն պատմաբաններուն», ըսած է ան:
\n Աքթար եւս համամիտ է Աքչամի հետ: Ան անիմաստ կը նկատէ այն յայտարարութիւնները, թէ այդ արխիւները ամբողջութեամբ բաց են: «Արտաքին գործոց նախարարութեան արխիւը ամբողջութեամբ փակ է: Գլխաւոր դատախազութեան արխիւը միայն թուղթի վրայ բաց է: Այդտեղի փաստաթուղթերուն բնօրինակները տեսնելը անկարելի է: Կանխակալ վերաբերմունք կայ. անոնք ցոյց կու տան, այն, ինչ յարմար կը գտնեն: Ես անգլիական պաշտօնական արխիւներուն մէջ Համաշխարհային Բ. պատերազմի տարիներուն վարչապետ Ուինսթըն Չըրչըլի նամակներն ու գրութիւնները կարդացած եմ: Ոչ ոք արգիլած է: Թուրքիոյ մէջ ոչ ոք թող ըսէ, որ արխիւները բաց են կամ լաւապէս կ՛աշխատին: Աշխարհի ոչ մէկ արխիւի մէջ ամէն ինչ կարելի է գտնել: Ամէն տեղ ալ որոշ վարագոյր կայ, սակայն կարեւորը այն է, որ քանի՞ տոկոսը կը ծածկուի այդ վարագոյրին ետին: Այս արխիւները ամբողջութեամբ փակ են», ըսած է ան:
\n Աքթար նաեւ աւելցուցած է, որ թէեւ իրենք գիտեն, թէ այնտեղ փաստաթուղթեր կան, օրինակ՝ 1915ի տեղահանութիւններուն կամ Անատոլուի տարբեր քաղաքներու մէջ գտնուող հայկական դպրոցներու թիւին մասին, սակայն այդ փաստաթղթերը ուսումնասիրել չեն կրնար:
\n