Պարթոլոմէոս Պատրիարքը Անբաւարար Կը Նկատէ Էրտողանի Քայլերը
\n
\n ՊՈԼԻՍ.- Յոյն ուղղափառներու տիեզերական պատրիարք Պարթոլոմէոս Ա.ը, «Ա.Էֆ.Փէ.» լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին գոված է Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանը՝ քրիստոնեաներուն վիճակը բարելաւելուն համար, սակայն ընդգծած է, որ անոր քայլերը բաւարար չեն:
\n Ան յուսախաբութիւն յայտնած է այն բանին համար, որ Էրտողան տակաւին չէ կրցած ապահովել վերաբացումը Յոյն ուղղափառ եկեղեցւոյ Հալքիի աստուածաբանական դպրոցին: «Ասիկա մարդկային իրաւանց եւ մասնաւորաբար կրօնական ազատութեան հարց մըն է», ըսած է պատրիաքը:
\n «Ես Թուրքիոյ քաղաքացի մըն եմ եւ հոն ծնած եմ: Երկու տարի թրքական բանակին մէջ ծառայեցի: Իբրեւ Թուրքիոյ քաղաքացի՝ իմ բոլոր իրաւունքները կ՛ուզեմ, ոչ միայն ինծի համար, այլեւ՝ եկեղեցիիս եւ համայնքիս համար», ըսած է ան:
\n Պատրիարքը նաեւ նշած է, որ մինչ շրջան մը յոյները զանգուածաբար կը հեռանային Թուրքիայէն, անոնցմէ շատերը ներկայիս կը վերադառնան, յատկապէս՝ Յունաստանի տնտեսական տագնապին պատճառով:
\n Պատրիարքը նաեւ յայտնեց, որ Երուսաղէմի մէջ հանդիպում մը պիտի ունենայ Ֆրանսիս պապին հետ, երկու եկեղեցիները իրարու մօտեցնելու նպատակով:
\n \n