77 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ ՏԵՐՍԻՄԻ ՄԷՋ Ի՞ՆՉ ՊԱՏԱՀԵՑԱՒ

\n

\n

 

\n

«Հորիզոն».- Ցեղասպանութեան տարիներուն, տերսիմցիները ապաստան տուած են աւելի քան 40 հազար հայերու: Ցեղասպանութեան հանգրուանին, Տերսիմ ապաստանած շատ մը հայեր ալեւի դարձած են՝ իւրացնելով տերսիմցիներու ապրելակերպը:

\n

1938-ին, թրքական ճնշումներուն դէմ ծառացան Տերսիմի ցեղախումբերը՝ Սէյիտ Ռիզայի գլխաւորութեամբ: Ըստ տերսիմցի արդի ժամանակներու մտաւորականներու, 1938-ի յեղափոխութեան տերսիմցիներու կողքին զէնք վերցուցած են դաւանափոխ դարձած հազարաւոր հայեր, իսկ ապստամբութեան տխուր վախճանին յաջորդող քեմալական բանակի ջարդերուն՝ տերսիմցիներու կողքին սպանուած եւ ջարդուած են նաեւ հայեր։

\n

Այսօր, եւրոպացի կարգ մը պատմաբաններու կողմէ ընդունուած է այն տեսութիւնը, որ 1937-38 քեմալական ուժերու կողմէ ջարդուած են 70 հազար տերսիմցիներ եւ հայեր։

\n

 

\n

Անահիտ Քարտաշեան «Ակունք» կայքին վրայ զետեղուած իր յօդուածին մէջ կը գրէ, որ ի պատասխան քեմալական Թուրքիոյ՝ ազգային փոքրամասնութիւններու նկատմամբ հետեւողականօրէն գործադրած ուծացման քաղաքականութեան՝ 1920-1930-ական թուականներուն տեղի ունեցան քրտական շարք մը զանգուածային ապստամբութիւններ։ Անգարա քիւրտերու պահանջները որակեց ոչ այլ ինչ, քան օտարերկրեայ տէրութեան (Բրիտանիոյ «Հ») սադրանք։ Քեմալական կառավարութիւնը՝ ճնշելով 1925-ի շէյխ Սայիտի եւ 1927-1931 թուականներու Արարատի քրտական ապստամբութիւնները, 1937-ին սկսաւ գործողութիւններ ծաւալել ըմբոստութիւններու երրորդ օճախի՝ Տերսիմի դէմ։

1936-ին, Քեմալ Աթաթուրքի առաջարկով Տերսիմի հարցը կը դրուի կառավարական օրակարգի վրայ։ 1936-ի Նոյեմբեր 1-ին Խորհրդարանի նիստի բացման ժամանակ Մ. Քեմալ Տերսիմի վերաբերեալ իր զեկուցումին մէջ կ՚ըսէ.«Մեր ներքին գործերու մէջ ամէնէն կարեւորը Տերսիմի խնդիրն է։ Անհրաժեշտ է ամէն գնով արմատախիլ ընել այդ սարսափելի թարախակոյտը։ Այս հարցի վերաբերեալ շտապ միջոցներ ձեռնարկելու համար կառավարութիւնը օժտուած է լայն իրաւասութիւններով»։

Միջոցները չեն ուշանար, 1937-ի Մայիսի 4-ին վարչապետ Ի. Ինոնիուն նախարարներու խորհուրդի ժողովին ընթացքին, որուն մասնակցած է նաեւ սպայակոյտի պետ Ֆեւզի Չաքմաքը, կը բացատրէ տերսիմցիներու համար նախատեսուած բարեփոխումներու ծրագիրի էութիւնը։ Ծրագիրով կը նախատեսուէր Տերսիմի մէջ կառուցել ճանապարհներ, կամուրջ, դպրոց եւ զօրանոց, կարգաւորել զինուորական եւ հարկային գործերը, արմատախիլ ընել շէյխութիւնները եւ աղայութիւնները, Տերսիմը աւազակային որջի վերածողները աքսորել արեւմտեան շրջաններ, ուր պէտք է դառնային «պատուաւոր եւ կրթուած» քաղաքացիներ։ Առանց նախարարներու խորհուրդի թոյլտուութեան ոչ ոք կրնար բնակիլ Տերսիմի մէջ։

Որդերգուած որոշումով՝ Տերսիմի նահանգ կը ժամանէ զօրավար Ապտուլլա Ալփտողանը։ Վերջինիս հրամանատարութեամբ այստեղ կը սկսին զօրանոցներու, զինուորական պահակակէտերու կառուցումը։ Տերսիմցիները, սակայն, կռահելով «տնտեսական բարեփոխումներու» քողի տակ իրականացուող շինարարական կառոյցներու ետին գտնուող մտադրութիւնը՝ աւանդական համայնքներու քայքայումը, կը հրաժարին աշխատանքներու մասնակցելէ եւ կը սկսին իշխանութեան ներկայացուցիչներուն դէմ կանգնիլ։ Շուտով թրքական կառավարութիւնը Տերսիմի մէջ կը ստեղծէ ռազմական խորհուրդ եւ դատարան։

Զօր.Ալփտողան կը յայտարարէ արտակարգ դրութիւն եւ Տերսիմի բոլոր ցեղապետերէն կը պահանջէ յանձնել 200 հազար հրացան։ Տերսիմի քիզիլպաշ ցեղախումբերու ղեկավար Սէյիտ Ռիզան զօր. Ալփտողանին նամակ կ՚ուղարկէ՝ պահանջելով, որ կառավարութիւնը դադրեցնէ նոր օրէնքը եւ ճանչնայ տերսիմցիներու իրաւունքները։ Սակայն՝ ապարդիւն։

Տերսիմի զինուորական գործողութիւններուն կը մասնակցին նաեւ Թուրքիոյ զինեալ ուժերու օդուժի 3-րդ տորմիղը՝ Աթաթուրքի հոգեզաւակ Սապիհա Կէօքչենի գլխաւորութեամբ։ Գործողութիւններու ընթացքին կը սպաննուին տասնեակ հազարաւոր անմեղ մարդիկ։ Տերսիմի կոտորածներէն չեն կրնար խուսափիլ նաեւ 1915-ի Հայոց ցեղասպանութենէն փրկուած հայերու բեկորները։ Կոտորածներէն ետք ձուլման քաղաքականութիւնը իր աւարտին հասցնելու համար թուրք զինուորականներուն կը ստիպեն որդեգրել բազմաթիւ տերսիմցի աղջիկ երեխաներ։

77 տարի ետք, Պոլսոյ Կալաթասարայ հրապարակին վրայ հաւաքուած բազմութիւնը յարգանքի տուրք մատուցեց անմեղ զոհերու յիշատակին։

Տերսիմի բազմաթիւ հասարակական կազմակերպութիւններու՝ Տերսիմի Բերդեկցիներու միութեան, Ալիպէյքէօյի տերսիմցիներու միութեան, Ազատ ժողովրդավարական ալեւիներու միութեան, Մնձուրի շրջակայ շրջանի միութեան եւ այլոց, անունով հանդէս եկող Հուսէյն Այրըլմազ յայտարարեց.«Երէկ կը պահանջէինք պահպանել մեր լեզուն, հաւատքն ու ինքնութիւնը, այսօր՝ 77 տարի ետք, դարձեալ նոյն բանը կը պահանջենք՝ կ՚ուզենք մեր հողերու վրայ ազատ ապրիլ։ Պատկերացուցէք, որ այս պետութիւնը կազմաւորուելու ընթացքին կու տայ խոստումներ, որոնք չի կատարեր։ Ոչ միայն չի կատարեր, այլ նաեւ քայլ առ քայլ կը ծրագրէ կոտորածը։ Չի վարանիր մինչեւ իսկ սեփական քաղաքացիներու արիւնը թափել»։

\n

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.