Թուրքիոյ վարչապետ Էրտողանի Ապրիլ 24-ի ուղերձի հայերէն թարգմանութիւնը


Ապրիլ 23-ին, աշխարհի տարբեր լրատուամիջոցներ շտապ հաղորդագրութեամբ տարածեցին Թուրքիոյ վարչապետ Էրտողանի յայտարարութիւնը, որ կը կրէ «Ուղերձ` 1915 թուականի իրադարձութիւններուն հետ կապուած» վերնագիրը: Ստորեւ վերոնշեալ յայտարարութեան թարգմանութիւնը։

 

24 Ապրիլը, որ մեր բոլոր հայ հայրենակիցներուն եւ աշխարհի բոլոր հայերուն համար մասնաւոր նշանակութիւն մը ունի, թանկագին առիթ կ՚ընծայէ մեզի որպէսզի ազատօրէն իրարու հետ բաժնենք պատմական խնդրի մը մասին մեր մտածումները։

Անկարելի է ժխտել թէ Օսմանեան Կայսրութեան վերջին տարիները ցաւատանջ դժուար շրջան մը եղած էին տարբեր կրօնքներու ու ազգութիւններու պատկանող թուրք, քիւրտ, արաբ, հայ եւ միւս միլիոնաւոր Օսմանեան հայրենակիցներուն համար։

Արդար մարդասիրութեան եւ խղճմտանքի կեցուածք մը անհրաժեշտ կը դարձնէ որ այդ շրջանին ապրուած բոլոր ցաւերուն նկատմամբ հասկացողութիւն ցոյց տանք առանց նկատի առնելու կրօնական եւ էթնիք պատկանելիութեան տարբերութիւնները։

Անկասկած, այսպիսի ցաւերը աստիճանաւորումի մը ենթարկելը կամ այդ ցաւերը իրարու հետ բաղդատելը, նաեւ այս ուղղութեամբ իրարու հետ մրցումի ելլելը որեւէ նշանակութիւն չեն ներկայացներ տառապանքի իսկութեանը տեսակէտէ։

Ինչպէս մեր պապերը ըսեր են, կրակը կ՚այրէ իր ինկած տեղը։Մարդկային պարտականութիւն է հասկացողութիւն ցոյց տալ եւ ցաւակցիլ բոլոր այն հայերուն, որոնք այդ շրջանին իրենց ապրած տառապանքներուն յիշողութիւնները վառ կը պահեն ու կ՚արտայայտեն։Բազմամշակոյթ հայեցողութիւնը, ժողովրդավարութեան մշակոյթը եւ ժամանակակից ըլլալու գաղափարախօսութիւնը կը ստիպէ որ 1915ի պատահարներու մասին զանազան տեսակէտներ եւ մտածումներ ազատօրէն արտայայտուին։

Թերեւս կրնան գտնուիլ մարդիկ, որոնք Թուրքիոյ այս ազատ միջավայրը առիթ մը նկատեն որպէսզի հրապարակ քշեն ամբաստանական, վիրաւորական, նոյնիսկ երբեմն գրգռիչ խօսքեր եւ պնդումներ։Միայն թէ եթէ պատմական հարցերը միասնաբար աւելի լաւ պիտի հասկնանք անոնց իրաւական ծաւալներով եւ եթէ կարելի պիտի ըլլայ սրտաբեկութիւնները վերստին բարեկամութիւններու փոխակերպել, այն ատեն բնականաբար պէտք է ակնկալել որ արտասանուած խօսքերը դիմաւորուին դիմացինը հասկնալու տրամադրութեամբ եւ լայնախոհութեամբ։ Նոյնը բոլոր կողմերուն համար։

Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը պիտի շարունակէ հասունութեամբ մերձենալ բոլոր այն մտածումներուն, որոնք կը յարմարին իրաւագիտութեան տիեզերական արժէքներուն։

Բայց միւս կողմէ ընդունելի չէ որ 1915ի պատահարները որպէս պատրուակ գործածուին հակաթուրք կեցուածքի համար եւ անոնք գործածուին քաղաքական բախումներու որպէս նախանիւթ։Համաշխարհային Ա. Պատերազմի ընթացքին ապրուած բոլոր դէպքերը մեր բոլորին հասարակաց ցաւը կը կազմեն։

Մարդկային եւ գիտական պատասխանատուութիւնը կը ստիպէ որ այս ցաւոտ պատմութեան նայինք արդար յիշողութեան տեսանկիւնէն։Թուրքերու եւ հայերու միջեւ զգացումի նոյնութիւն մը հաստատելու եւ փոխադարձաբար իրարու նկատմամբ մարդկային վերաբերում ցուցաբերելու իրականացումին արգելք պէտք չէ ըլլայ այն իրողութիւնը թէ Ա. Աշխարհամարտի ընթացքին ամէն կրօնքէ եւ ազգութենէ միլիոնաւոր մարդիկ իրենց կեանքը կորսնցուցած էին եւ ապրուած էին նաեւ դէպքեր որոնք ստեղծած էին տեղահանութեան նման անմարդկային արդիւնքներ։

Այսօրուան աշխարհին մէջ անընդունելի է պատմութենէն թշնամութիւն դուրս բերել եւ նոր կռիւներ ստեղծել եւ ատիկա միւս կողմէ երբեք օգտակար չի հանդիսանար մեր հասարակաց ապագան կերտելու տեսակէտէն։

Մեր ժամանակաշրջանի ոգին կը ստիպէ որ ի հեճուկս հակամարտութիւններու, խօսինք իրարու հետ, դիմացինը մտիկ ընելով զիրար հասկնալ աշխատինք, համաձայնութեան ճամբաներու որոնումները արժեւորենք, ամօթենք ատելութիւնը ու վեհացնենք յարգանքն ու լայնախոհութիւնը։

Այս հասկացողութեամբ, մենք, որպէս Թուրքիոյ Հանրապետութիւն, կոչ ըրինք որպէսզի 1915ի պատահարները գիտական մերձեցումով ուսումնասիրուին պատմաբաններու համատեղ յանձնախումբի մը հիմնումով։ Այս կոչը կը մնայ ի զօրու։ Թուրք, Հայ եւ միջազգային պատմաբաններու կողմէ կատարելի աշխատանքը կարեւոր իր դերը պիտի ունենայ 1915ի պատահարները լուսաբանելու եւ պատմութիւնը ճիշդ հասկնալու գործին մէջ։

Այս շրջագծով է որ մեր արխիւները բացած ենք բոլոր ուսումնասիրողներու գործածութեան։ Այսօր պատմաբաններու ծառայութեան մատուցուած են մեր արխիւներուն մէջ գտնուող հարիւրհազարաւոր փաստաթուղթեր։

Թուրքիա որպէս երկիր մը, որ ապահովութեամբ կը նայի դէպի ապագայ, միշտ նեցուկ կանգնած է նաեւ պատմութիւնը ճիշդ հասկնալու համար կատարուած գիտական բովանդակալից աշխատանքներուն։Անատոլուի մարդիկը, որոնք հարիւրաւոր տարիներ միասին ապրած են, որոնք գեղարուեստէն մինչեւ դիւանագիտութիւն, պետական վարչութենէն մինչեւ առեւտուր, ամէն մարզի մէջ հասարակաց արժէքներ ստեղծած են, էթնիք եւ կրօնական ինչ արմատ ալ ունենան, այսօր ունին նոր ապագայ մը կերտելու կարելիութիւնն ու կարողութիւնը։

Այն յոյսով ու հաւատքով որ հին եւ անօրինակ աշխարհագրութեան մը վրայ այսպիսի աւանդութիւններու եւ բարքերու տիրացած ժողովուրդները պիտի կարենան հասունութեամբ խօսիլ իրենց անցեալին մասին եւ պիտի կարենան իրենց կորուստները միասնաբար եւ իրենց վայել միջոցներով ոեկոչել, մենք հիմա կը մաղթենք որ 20րդ դարասկզբի պայմաններուն մէջ իրենց կեանքը կորսնցուցած հայերը անդորրութեան մէջ ննջեն եւ մեր ցաւակցութիւնները կը յայտնենք անոնց թոռներուն։ Ողորմասիրութեամբ եւ յարգանքով կ՚ոգեկոչենք նաեւ յիշատակը զանազան կրօնքէ ու ազգութիւններէ այն Օսմանցի հայրենակիցներուն, որոնք նոյն շրջանին նմանօրինակ պայմաններու տակ իրենց կեանքը կորսնցուցած են։

ՄԱՐՄԱՐԱ


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.