ԱՄՆ սուրիական ընդդիմութեան աջակցելու նոր ծրագիր կը մշակէ


 

Ամերիկացի հանրածանօթ հրապարակագիր Տէյվիտ Իկնաթիուս «Տը Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթին մէջ լոյս տեսած իր յօդուածին մէջ կը գրէ, որ Օպամայի վարչակարգը Ուքրանիոյ եւ Սուրիոյ մէջ կացութեանց շրջումներէն ցնցուած՝ կը թուի սուրիական ընդդիմութեան ընդհատակեայ աջակցութիւնը ընդլայնելու պատրաստ ըլլալ՝ այդպիսով խորացնելով Միացեալ Նահանգներու ներքաշուածութիւնը քաղաքացիական բիրտ եւ անել կացութեան մատնուած պատերազմին մէջ։ Ատիկա նաեւ պիտի բարդացնէ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի գլխաւոր աջակիցներուն՝ Ռուսիոյ եւ Իրանի հետ արդէն իսկ լարուած յարաբերութիւնները։

Օպամա կը թուի ինքզինք աւելի հանգիստ զգալ ընդհատակեայ մօտեցումի մէջ քան՝ Իրաքի եւ Աֆղանիստանի օրինակներուն նման ուղղակի ռազմական միջամտութեան մէջ։ Մէկ այլ հիմնաւորումը այն է, որ օժանդակութեան նոր ծրագիրը պիտի կեդրոնանայ ահաբեկչութեան դէմ պայքարին վրայ։ Միացեալ Նահանգներ Սուրիական ազատ բանակի զինեալները պիտի մարզէ, որպէսզի անոնք կռուին Քայիտայի ծայրայեղականներուն դէմ, թէեւ ընդդիմադիրները նաեւ պիտի շարունակեն կռուիլ Ասատի բանակին դէմ։

Այս քայլին հակադրուող քննադատները կ՚առարկեն, որ մարզումի եւ աջակցութեան ընդլայնուած ծրագիր մը, որ առաջին անգամ 2012-ի կիսուն առաջարկուած էր Օպամայի աւագ խորհրդականներուն կողմէ։

Ըստ լաւատեղեակ պաշտօնատարներու, սուրիական ընդդիմադիր ուժերը պիտի մարզուին Յորդանանի, Սէուտական Արաբիոյ հիւսիսը եւ Քաթարի մէջ գտնուող ռազմական ճամբարներու մէջ։ Անոնց թիւը պիտի բարձրանայ ամսական 600-ի։ Ծրագիրին պիտի վերահսկէ CIA-ը։ Մարզումներէն դուրս պիտի մնան բոլոր անոնք, որոնք ժիհատական երեք խմբաւորումներու՝ Ահրար ալ-Շամի, Ժապհաթ Նուսրայի եւ ՏԱՀԵՇ-ի հետ կապ ունեցած են։

Ընդդիմութեան կողմէ բազմիցս դիմում կատարուած է ԱՄՆ-ին հակօդային հրթիռարձակներ իրենց տրամադրութեան տակ դնելու առնչութեամբ: Այս հարցը նոյնպէս քննարկման կ՚ենթարկուի:

Սուրիական ընդդիմութեան մասնատուած «բարեկամները», առնուազն տեսականօրէն, պիտի զօրակցին այս ծրագիրին։ Քաթար, որ անցեալին օժանդակած է Իսլամական ճակատին, ապա Քայիտայի առնչակից ծայրայեղականներու, համաձայնած է այս աջակցութիւնը դադրեցնելու։ Քաթար նաեւ առաջարկած է ֆինանսաւորել ծրագիրի առաջին տարին, որ կրնայ հարիւրաւոր միլիոն տոլարի հասնիլ։ Սէուտական Արաբիա, որ սուր կերպով կը քննադատէ Քաթարը, կրնայ մերժել այս նուիրատուութիւնը։ Յստակ չէ, թէ ինչ պիտի ըլլայ Թուրքիոյ դերը, որ ամբաստանուած է ծայրայեղականներուն Սուրիոյ հետ իր սահմանին վրայ գործունէութիւնը արտօնելու համար։

Պառակտուած Սուրիան կայունացնելու համար՝ ծրագիրը Ասատի ուժերու վերահսկողութենէն դուրս եղող շրջաններուն մէջ տեղական խորհուրդներուն եւ ոստիկանութեան աջակցութիւն պիտի տրամադրէ։

Ըստ ընդդիմութենէն Սպիտակ տան Մարտին յղուած զեկուցումի մը, ընդլայնուած ծրագիրը «յստակ պատգամ մը պիտի ուղղէ Ասատի վարչակարգին, թէ պայքարը ռազմական լուծում մը չունի»։ Զեկուցումը կը նշէ, որ Ասատ ներկայիս «բանակցելու որեւէ տրամադրութիւն չունի», որոհետեւ կը կարծէ, թէ յաղթանակ կ՚արձանագրէ։

Ծրագիրին ետին կանգնող տրամաբանութիւնը այն է, որ Սուրիոյ մէջ դիւանագիտական լուծումի մը հասնելու համար հարկ է ռազմական հակամարտութիւնը մեղմացնել։ Այս մէկը Օպամայի համար դժուար ընդունելի եղած է, սակայն սէուտցիներու քաջալերանքով՝ կը թուի այդ համոզումին հասած ըլլալ։ 


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.