Օգնիր Եղբօրդ- Լիբանան

Շաբաթ առաւօտեան, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն ստանձնեց ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի «Օգնիր եղբօրդ-Լիբանան» նախաձեռնութեան ծիրին մէջ, Լիբանան հասած սննդամթերքի 1000 արկղները։

Այս առիթով ՀՅԴ Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի շնորհակալական խօսք մը ուղղեց Հայաստանի Դաշնակցութեան կառոյցին եւ երիտասարդական միութեան, որոնք Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն անմիջապէս ետք իրենց օժանդակութեան ձեռքը երկարեցին լիբանանահայ համայնքի իրենց քոյրերուն եւ եղբայրներուն։ Բագրատունի հաստատեց, որ այս նախաձեռնութիւնը նիւթականէն անկախ բարոյական խոր նշանակութիւն ունի եւ կը գօտեպնդէ համայնքը այս ճգնաժամին մէջ։

Ան այս առիթով իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Հայաստանի, Արցախի եւ հայաշխարհի բոլոր համայնքներուն իրենց ցուցաբերած զօրակցութեան համար։

Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան շեշտեց որ ՀՅԴ Հայաստանի կառոյցը այս հանգրուանին լիբանանահայութեան կողքին է եւ մաղթեց որ լիբանանահայութիւնը շուտով շրջանցէ տագնապը։ Ան ուժ եւ կորով մաղթեց Լիբանանի Դաշնակցութեան կառոյցին, որպէսզի յաջողի այս անգամ եւս իր ժողովրդանուէր ծառայութեան ու առաքելութեան մէջ։

Յայտնենք, որ արկղները յառաջիկայ օրերուն ՀՅԴ ակումբներու եւ կոմիտէութիւններու ճամբով պիտի հասնին հայ կարիքաւոր ընտանիքներուն։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.