Ռոյս Եւ Էնկըլ Թուրքիոյ Գրաւած Եկեղեցիներուն Մասին Զեկոյց Պահանջող Բանաձեւ Ներկայացուցին

\n

\n

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի ատենապետ Էտ Ռոյս եւ քոնկրեսական Էլիըթ Էնկըլ ներկայացուցած են կրօնական ազատութիւններու առնչուող երկկուսակցական բանաձեւ մը (H.R.4347), որուն նպատակն է երաշխաւորել Թուրքիոյ մէջ գտնուող քրիստոնէական մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութիւնը:
\n Բանաձեւին մէջ Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւններէն կը պահանջուի տարեկան դրութեամբ զեկոյց ներկայացնել՝ Թուրքիոյ եւ գրաւեալ Կիպրոսի մէջ գտնուող բռնագրաւուած եկեղեցիներու եւ կրօնական կալուածներու վիճակին մասին:
\n Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը ողջունած է քոնկրեսականներուն այս նախաձեռնութիւնը՝ ընդգծելով, որ բանաձեւը այս օրերուն աւելի հրատապ կը դառնայ, երբ աշխարհը ականատես կը դառնայ Թուրքիոյ դերակատարութեան՝ հայաբնակ Քեսապի բնակչութիւնը տեղահան ընելու գործողութեան մէջ:
\n «Հայկական ծագում ունեցող ամերիկացիները, որոնք աշխարհի մէջ քրիստոնէութիւնը իբրեւ պետական կրօնք ընդունած ազգին զաւակներն են, միանալով բոլոր կրօնքներու հաւատացեալներուն՝ կ՛ողջունեն ատենապետ Ռոյսի ներկայացուցած «Թուրքիոյ քրիստոնէական կառոյցներու հաշուետուութեան մասին» բանաձեւը: Փոքրամասնութիւններու իրաւունքները եւ կրօնական ազատութիւնները պաշտպանելու գործին մէջ ամերիկեան ազդեցիկ առաջնորդութեան կարիքը աւելի էական է այս օրերուն», նշած է Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Քեն Խաչիկեան:
\n «Այս բանաձեւը Թուրքիան կը դնէ իր միջազգային պարտաւորութիւններուն հաւատարիմ մնալու պարտականութեան տակ՝ պաշտպանելով մարդկային տարրական իրաւունքները, ինչպէս նաեւ կոչ կ՛ընէ ուշադրութիւն դարձնելու եկեղեցական ունեցուածքը իրենց օրինական տէրերուն վերադարձնելու կապակցութեամբ՝ թուրք ղեկավարներու չիրագործուած խոստումներուն վրայ: Տասնամեակներ շարունակ Թուրքիոյ սահմաններէն ներս գտնուող քրիստոնէական կառոյցները, յատկապէս՝ հայկական, ասորական եւ ուղղափառ յունական համայնքներուն պատկանող եկեղեցական գոյքը, տարբեր պատճառաբանութիւններով բռնի եւ ապօրինի կերպով բռնագրաւուած են Թուրքիոյ իշխանութիւններուն կողմէ», բանաձեւը ներկայացնելու ընթացքին նշած է Ռոյս:
\n Արեւմտեան Հայաստանի մէջ հայկական մշակութային ժառանգութեան ոչնչացումը կը շարունակուի Թուրքիոյ մէջ եւ մէկ օղակը կը հանդիսանայ սուլթանական, երիտթրքական, ինչպէս նաեւ քեմալական-հանրապետական վարչակարգերուն կողմէ գործադրուած հայկական հարցի «լուծման» քաղաքականութեան: Հակառակ հայկական յուշարձաններուն վերաբերեալ իրենց «հոգատար» վերաբերումին մասին թրքական իշխանութիւններուն կատարած բարձրաձայն յայտարարութիւններուն, Անգարա չէ դադրեցուցած հայկական յուշարձաններու ոչնչացումը կամ թրքացումը:
\n Թուրքերուն կողմէ գրաւուած հիւսիսային Կիպրոսի մէջ եւս քրիստոնէական ժառանգութիւնը լուրջ վտանգի տակ է եւ կրնայ ամբողջութեամբ ոչնչացուիլ: ԵԱՀԿի մէկ զեկոյցին համաձայն՝ 1974էն ի վեր թուրքերը քանդած են հարիւրաւոր եկեղեցիներ ու կրօնական կառոյցներ՝ միաժամանակ ոչնչացնելով կամ ծախելով եկեղեցիներուն արժէքաւոր իրերը եւ սրբապատկերները: 77 եկեղեցի վերածուած է մզկիթի, իսկ 28 ուրիշներ՝ ռազմական հիւանդանոցի:

\n

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.