«Ուոլ Սթրիթ Ճըրնըլ»ը Կ՛անդրադառնայ Քեսապի Դէպքերուն

\n

\n ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Սուրիոյ հիւսիսարեւմուտքը գտնուող եւ մեծաթիւ հայ բնակչութիւն ունեցող Քեսապի իրադարձութեանց մէջ Թուրքիոյ ներգրաւուածութիւնը կը յիշեցնէ պատմութեան սեւ էջերը՝ Օսմանեան կայսրութեան կազմակերպած 1915ի Հայոց Ցեղասպանութիւնը. այսպէս գրուած է «Ուոլ Սթրիթ Ճըրնըլ»ի համացանցային կայքին վրայ:
\n Կիրակի օր Սուրիոյ հայութիւնը իր զայրոյթը յայտնեց իսլամ ծայրայեղականներու գործողութիւններուն նկատմամբ, որոնց հետեւաքնով՝ անոնց հակակշիռին տակ անցած էր Քեսապ գիւղաքաղաքը՝ վտանգելով անոր քրիստոնեայ բնակիչներուն կեանքը: Հայեր գաղթած են Քեսապէն՝ յուսալով, որ նախագահ Պաշշար Ասատի վարչակազմը կը յաջողի պաշտպանել իր եւ հայութեան շահերը:
\n «Թուրքերը կրկին մեր դէմ դուրս եկած են: Պատմութիւնը նկատի ունենալով՝ այս մէկը անընդունելի է: Ցեղասպանութիւնը կը կրկնուի Քեսապի մէջ: Ի՜նչ վատ օրեր: Աստուած պահպանէ բոլոր անոնք, որոնք կը պաշտպանեն գեղեցիկ Քեսապ գիւղաքաղաքը», «Թուիթըր»ի վրայ գրած է քեսապցի մը:
\n «Քեսապի ժողովուրդը վռն-տուած է իր տուներէն եւ կ՛ապրի Լաթաքիոյ հայկական եկեղեցւոյ մէջ, ուր սնունդ կը ստանան տեղացի հայերէն», գրած է քեսապցի ուսանող մը, որ այժմ կ՛ապրի Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ եւ որուն ընտանիքի անդամները լքած են Քեսապը:
\n «Վայրը, ուր մենք կ՛անցընէինք մեր ամառները, վերածուած է պատերազմական գօտիի: Սուրիական բանակը իր կարելին կ՛ընէ փրկելու համար Քեսապը: Միակ դրական բանը այն է, որ Քեսապի ժողովուրդը, ներառեալ՝ ընտանիքս եւ ընկերներս, կրցած են ժամանակին փրկուիլ: Պատերազմէն ետք անոնք հաստատ անտուն պիտի մնան», աւելցուցած է ան:\n

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.