Տեսանիւթ մը ցոյց կու տայ, թէ ինչպէս Քեսապի վրայ յարձակողները անարգել կ՚անցնին թրքական սահմանակէտը – video

\n

\n

 

\n

ՀՈՐԻԶՈՆ.- Առաջին օրերիու լռութենէն ետք Թուրքիոյ մէջ սկսած են կարծիքներ հնչել, որ Քեսապի վրայ Ալ Քայիտայի ահաբեկիչներու յարձակումը կազմակերպած էր Թուրքիան, ու յատկապես՝ Էրտողանի կառավարութիւնն ու կուսակցութիւնը։

\n

Նման հրապարակումներու հեղինակներուն, ինչպէս նաեւ սուրիական ինքնաթիռին թուրքերու հարուածելը դատապարտողներուն արտաքին գործոց նախարար Ահմէտ Տաւութօղլուն հայրենիքի դաւաճաններ կոչած է։

\n

Ի պատասխան, «Սոլ փորթալ», (թարգմանաբար՝ Ձախակողմյան փորթալ) լրատուական աղբիւրը իր կայքէջին վրայ տեսանիւթ մը տեղադրած է, ուր յստակ կ՚երեւի, թէ ինչպէս «Ալ Նուսրա» խմբաւորման  զինեալները Քեսապի սուրիական սահմանային պահակակէտը անցնելու ժամանակ՝ Թուրքիոյ սահմանին վրայ որեւէ արգելքի չեն հանդիպիր եւ հանգիստ կ՚ուղղուին դէպի 50-60 մեթր միւս կողմ գտնուող Քեսապի սուրիական սահմանակէտը։ Անարգել սահմանը անցնելու այս քայլը կը վկայէ, որ թրքական կողմը ամէն դիւրութիւն ընծայած է Քեսապի վրայ յարձակող զինեալներուն։

\n

Տեսանիւթը դիտել հոս՝

\n

http://www.youtube.com/watch?v=57I3iAeKiyg

\n

Յատկանշական է, որ վերջին օրերուն ատրպէյճանական կարգ մը լրատուամիջոցներ լուրեր հրապարակած են, որ Սուրիոյ մէջ այս օրերուն սպանուած են ապստամբ զինեալներու շարքին կան ատրպէյճանցիներ եւ երկու թուրք քաղաքացի։ 

\n

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.