«Երբեք Մեր Բանակն Այսքան Սպառազինուած Ու Մարտունակ Չի Եղել». Սերժ Սարգսեան

\n

 

\n ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Նախագահ Սերժ Սարգսեան 21 Մարտին այցելած է արտաքին գործոց նախարարութիւն, շրջած է տարբեր բաժանմունքներու մէջ, ծանօթացած է աշխատանքային պայմաններուն, զրուցած է աշխատակիցներուն հետ:
\n Ապա նախագահը խորհրդակցութիւն ունեցած է նախարարութեան ղեկավար անձնակազմի հետ: Արտաքին գործոց նախարարը, նախարարի տեղակալները, նախարարութեան գլխաւոր քարտուղարը զեկուցած են իրենց համակարգման ոլորտներուն մէջ տարուած աշխատանքներուն, առկայ խնդիրներուն, անոնց լուծման ուղիներուն մասին։
\n Արծարծուած հարցերուն մասին Սերժ Սարգսեան հարցումներ ուղղած է զեկուցողներուն, իր դիտողութիւններն ու դիտարկումները ներկայացուցած եւ յանձնարարականներ տուած է պատասխանատուներուն, խօսած է նախարարութեան գործունէութեան գերակայ ուղղութիւններուն եւ յառաջիկային ընելիքներուն մասին:
\n Նախագահը նաեւ պատասխանած է նաեւ խորհրդակցութեան մասնակիցներուն հարցումներուն, որոնք կը վերաբերէին երկրի արտաքին քաղաքականութեան, անվտանգութեան ու պաշտպանունակութեան, տնտեսութեան, տարածաշրջանային խնդիրներուն, Ուքրանիոյ մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն, անոնց զարգացումներուն եւ այլ նիւթերու:
\n Պատասխանելով Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան ու անվտանգութեան վերաբերող հարցումին՝ Սերժ Սարգսեան յատկապէս կարեւոր նկատած է տարուած աշխատանքներուն արդիւնքները։ «Խնդիրը հետեւեալում պէտք է լինի՝ մենք մէկ տարի անց կարողացա՞նք մեր անվտանգութեան ապահովման երաշխիքը բարձրացնել, թէ՞ չկարողացանք: Մեզնից իւրաքանչիւրը՝ պետական պաշտօնեաներից, իր պարտականութիւններն ունի. ես պարտականութիւն ունեմ մեր երկրի տարածքային ամբողջականութիւնն ու անվտանգութիւնն ապահովելու եւ դրա համար եմ պատասխանատու: Ամէն ինչը պէտք է գնահատել արդիւնքներով: Համարում եմ, որ այսօր մեր ունեցած միջազգային յարաբերութիւններով, մեր ներգրաւուածութեամբ, դաշնակիցների տեսակով եւ որակով, շատ աւելի անվտանգ ենք, քան էինք հինգ տարի առաջ: Երբեք մեր բանակն այսքան սպառազինուած ու մարտունակ չի եղել: Երբեք, յամենայնդէպս, ես չեմ յիշում, որ Ղարաբաղի հարցով այսպիսի միանշանակութիւն լինի: Մենք ունենք մի որակ, մի յատկանիշ՝ մենք չենք փորձում որեւէ մէկին խաբել կամ մոլորեցնել, մենք ասում ենք՝ սա՛ է մեր շահը, մենք սրա համար պատրաստ ենք սա անել, այստեղ պատրաստ չենք սա անել»:

\n

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.