Ս. Սարգիս զօրավար


 

Փետրուար 15-ին, Հայց. Առաքելական եկեղեցին կը նշէ Ս. Սարգիս զօրավարի տօնը:

Ս. Սարգիս զօրավար հայոց ամենէն սիրուած սուրբերէն է: 

Ըստ աւանդութեան, Ս. Սարգիս Բիւզանդիոնի Մեծն Կոստանդիանոս կայսեր (285-337) կողմէ կը նշանակուի սպարապետ` Հայաստանի սահմանակից Կապադովկիոյ մէջ: Քրիստոնեայ զօրավարը կը քանդէ հեթանոսական մեհեանները եւ կը կառուցէ եկեղեցիներ, կը տարածէ քրիստոնէութիւնը: 

Յուլիանոս Ուրացողի թագաւորութեան օրով (360-363) կը սկսին Քրիստոսի եկեղեցւոյ դէմ հալածանքները: Ս. Սարգիսն իր որդւոյն Մարտիրոսի հետ կ՚ապաստանի քրիստոնեայ Հայաստանի  մէջ, ուր կը թագաւորէր Տիրան արքան: Տեղեկանալով, որ Յուլիանոս մեծ զօրքով կը շարժի դէպի Պարսկաստան, Հայոց արքան, որպէսզի իր երկիրը զերծ պահէ յարձակման վտանգէն, Սարգիսին կը յորդորէ ծառայութեան անցնիլ Պարսկաստանի թագաւոր Շապուհի մօտ:

Շապուհը սիրով կ՚ընդունի զօրավարին եւ զայն կը նշանակէ զօրագունդի հրամանատար: Պարսիկ զօրավարներէն շատեր, տեսնելով Սարգիսի բարեպաշտութիւնը եւ իր աղօթքներով գործած հրաշքները, կը հրաժարէին հեթանոսութենէ եւ կը դառնային քրիստոնեայ: Սակայն Շապուհ իր մօտ կանչելով Սարգիսը իրմէ կը պահանջէ պաշտել կրակը: Զօրավարը կը մերժէ եւ թագաւորին դիմաց կը կործանէ կրակի բագինը: Զայրացած կրակապաշտ ամբոխը կը յարձակի Ս. Սարգսի եւ իր զաւկին վրայ: Տեղւոյն վրայ կը նահատակուի չաւակը՝ Մարտիրոսը: Ս. Սարգիս կը բանտարկուի եւ անսասան մնալով իր հաւատքի մէջ` կը գլխատուի: 

Նահատակուելէն ետք, Ս. Սարգիսի մարմնին վրայ լոյս կ՚իջնէ: 

Ս. Մեսրոպ Մաշտոց Ս. Սարգիսի մասունքները կը տեղափոխէ Կարբի գիւղ (Աշտարակի շրջան), ուր կը կառուցուի սուրբին անունը կրող եկեղեցի:

Հետագային, Ս. Սարգիսի տօնը վերածուեցաւ երիտասարդներու օրհնութեան օրի, իսկ մեր օրերուն, ան կը նշուի, որպէս երիտասարդ սիրահարներու տօն: 

Ս. Սարգիսի տօնը եւ Ս. Սարգիսի պաշտամունքը, մեծ ժողովրդականութիւն ունէին հայերուն մօտ, յատկապէս՝ երիտասարդներուն։

Ս. Սարգիսի տօնը նշելու հաստատուն օր չկար. անով կը սկսէր Բարեկենդանը, որուն անմիջականօրէն յաջորդող Մեծ պահքի 49 օրուան շրջանը կ՚աւարտէր Զատիկով։ Այսպիսով, անուղղակիօրէն կապուելով 35 օրուան շարժականութիւն ունեցող Զատիկին հետ, Ս. Սարգիսի տօնը նոյնպէս կը շարժէր 35 օրերու ընթացքին, նշուելով Յունուար 18էն մինչեւ Փետրուար 23 երկարող այն Շաբաթ օրը, որ տուեալ տարուան Զատիկի տօնէն ճիշդ 63 օր առաջ էր։

Ինչպէս որ անունը ցոյց կու տայ, տօնը նուիրուած էր շատ սիրուած Ս. Սարգիսին, որուն անուան պաշտամունքին շուրջ հայերուն մօտ բազմաթիւ աւանդութիւններ պահպանուեր են։ Այդ աւանդութիւններէն մաս մը անոր անձնաւորութեան շուրջ են, միւսները՝ սրբանալէն յետոյ անոր կապուած գործերու մասին են։

Ս. Սարգիսի տօնը անցեալին (եւ այսօր) կը նշուի գլխաւորաբար ընտանեկան շրջանակի մէջ։ Կը սկսի Երկուշաբթի օր սկսող պահքով։ Պահք բոլորն ալ կը պահէին, բայց երիտասարդներուն մէկ մասը ուխտ ընելով լրիւ կամ միաժում ծոմ կը պահէին։ Առաջինի պարագային ենթական միայն ջուր կը խմէր, իսկ միաժում ծոմ պահողը օրուան մէջ կ՚ուտէր միայն մէկ անգամ, մութը կոխելէն ետք։

Ս. Սարգիսի պահքի օրերուն արգելքներ ճշդուած էին ոչ միայն ուտելիքին վրայ, այլեւ՝ աշխատանքի որոշ տեսակներուն, մարմնի խնամքին վրայ։ Այսպէս այդ օրերուն արգիլուած էր լուացք ընել, ճախարակ մանել, գործ ունենալ բուրդի կամ մազի հետ…

Հայկական կարգ մը գիւղերու մէջ Ուրբաթ օր կը սկսէր պահքը քակելու պատրաստութիւնը, իսկ երեկոյեան հանդիսաւոր ձեւով կը քակէին պահքը՝ փոխինդի գնդիկները ուտելով։ Փոխինդը կը շաղէին մեղրաջուրով կամ շաքարաջուրով, ընտանիքի անդամներուն թիւով գնդիկներու կը բաժնէին՝ երեկոյեան ուտելու համար։

Որոշ տեղեր այդ գիշեր յատուկ բաղարջ կը թխէին, առանց թթխմորի եւ աղի։ Խմորը երբ գունդի կը վերածէին, ապա զանոնք բանալով առաջինին վրայ կը շարէին ընտանիքին հարստութիւնները խորհրդանշող առարկաներ (դրամ, միրգ, պանիր, եւ այլն…) ու կը ծածկէին խմորի երկրորդ շերտով եւ կը թխէին։

Առաւօտեան բաղարջը կը շերտէին ընտանիքի երեխաներուն թիւով եւ կը բաժնէին։ Իւրաքանչիւր բաժինէն ինչ որ դուրս գար, այդ երեխան կը ժառանգէր համապատասխան հարստութիւն։ Այսպէս միրգին տէրը կը ժառանգէր այգի, պանիրինը՝ անասուններ, դրամը՝ հայրական տունը… եթէ այդ առարկաները աղջիկ զաւակներուն բաժին իյնար, անոնց ամուսինները կը դառնային այգեպան, հովիւ կամ կալուածատէր։Ս. Սարգիսի տօնը խնճոյքներ, խաղեր կամ այլ տօնահանդէսներ չունէր։ Միայն որոշ շրջաններ, ծոմ պահող հարսնցուներուն փեսացուներու ընտանիքէն զանազան անուշեղէններ կը ղրկէին իբրեւ նուէր։ Իսկ հարսնցուին ընկերուհիները կը հաւաքուէին միասին վայելելու համար համեղ անուշեղէնները։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.