«Ղարաբաղ Պատրաստ Է Ընդունելու Սուրիահայ Գաղթականները» Կ՛ըսէ Արթուր Աղաբեկեան
- (0)
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան փոխվարչապետ Արթուր Աղաբեկեան «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ զրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի կառավարութիւնը պատրաստակամութիւն կը յայտնէ Ղարաբաղի մէջ ընդունելու սուրիահայ գաղթականները:
Ան վստահեցուց, որ կառավարութիւնը անհատական մօտեցում պիտի ցուցաբերէ Ղարաբաղի մէջ հաստատուած իւրաքանչիւր սուրիահայու նկատմամբ:
Աղաբեկեան ընդգծեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի կառավարութիւնը յատուկ ուշադրութիւն կը դարձնէ սուրիահայերուն` ոչ թէ խմբակային, այլ անուն առ անուն, ընտանիք առ ընտանիք: «Այս առումով ինչո՞ւ սպասենք, նորէն տեսնենք, թէ ի՞նչ իրադարձութիւններ կրնան տակաւին տեղի ունենալ: Կոչ կ՛ուղղեմ սուրիահայ մեր եղբայրներուն, ուր որ ալ գտնուիք` Դամասկոսի մէջ թէ այլ տեղ, բոլոր անոնց, որոնք անհանգիստ կը զգան եւ իրենց ընտանիքը վտանգուած է, ապա անոնք կրնան գալ եւ լիարժէք հասարակութեան անդամ ըլլալ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ», ըսաւ Աղաբեկեան:
Նշենք, որ Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեան շուրջ շաբաթ մը առաջ յայտարարեց, որ սուրիահայերը պէտք է կարենան շրջափակումէն որոշ ձեւով դուրս գալ, եւ այդ խնդիրը իրենք կը քննարկեն նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի իշխանութիւններուն ներկայացուցիչներուն հետ:
Արթուր Աղաբեկեան, վերահաստատելով Տիգրան Սարգսեանի յայտարարութիւնը, նշեց, որ այս առնչութեամբ արդէն որոշակի քայլեր ձեռնարկուած են:
«Վարչապետին այցելութեան ժամանակ քննարկում տեղի ունեցաւ, թէ արդեօք Լեռնային Ղարաբաղը կարելիութիւններ ունի՞ գաղթականներ ընդունելու: Միանշանակ մեր վարչապետը պատասխանեց, որ մենք, այո՛, պիտի դիմենք այդ քայլին, եթէ կայ անոր անհրաժեշտութիւնը, նոյնիսկ վարչապետը հարց դրաւ, որ սկսինք համայնքներուն մէջ ուսումնասիրել, տեսնենք` քանի դատարկ տուներ կան, ուր անհրաժեշտութեան պարագային կրնանք օգտուիլ այդ կարելիութենէն», ըսաւ Ղարաբաղի փոխվարչապետը:
Վերջին երկու տարուան ընթացքին Լեռնային Ղարաբաղ տեղափոխուած են շուրջ երեսուն սուրիահայ ընտանիքներ, որոնց մեծ մասը բնակութիւն հաստատած է Քաշաթաղի շրջանին մէջ: Սուրիահայերը կ՛ըսեն, որ Քաշաթաղի շրջանը ընտրած են` հաշուի առնելով տեղի եւ իրենց նախկին բնակավայր Գամիշլիի կլիմայի ընդհանրութիւնը: Այդ շրջանին մէջ վերահաստատուած սուրիահայերը հիմնականին մէջ կը զբաղին հողագործութեամբ: Երկու տարիներու ընթացքին տեղական իշխանութիւնները մասամբ լուծում տուած են անոնց բնակարանային, ինչպէս նաեւ գործի հարցերուն:
Լեռնային Ղարաբաղի իշխանութիւնները կը յայտարարեն, որ Սուրիոյ մէջ իրադարձութիւններու յաւելեալ սրման եւ սուրիահայերու մեծ արտահոսքին պարագային պատրաստ են ընդունելու անսահմանափակ թիւով սուրիահայեր` խոստանալով ապահովել անհրաժեշտ կենսապայմանները:
Պաշտօնական Պաքուն այս տարուան յուլիսին ՄԱԿ ուղարկած է ցուցակ մը, որուն մէջ, Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարին պնդումով, Լեռնային Ղարաբաղի մէջ բնակած սուրիահայերու անուններն են: Ղարաբաղի արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ վերջերս տարածուած նամակին մէջ ալ կը նշուի, որ այդ ցուցակին մէջ նշուած անձերէն ոեւէ մէկը երբեք եւ ոչ ալ ներկայիս գտնուած է կամ կը գտնուի Լեռնային Ղարաբաղի տարածքին մէջ:
Միւս կողմէ ալ, Լեռնային Ղարաբաղի փոխվարչապետը յայտարարեց, որ մէկ կողմ դնելով քաղաքական շահարկումները` Ղարաբաղը պիտի շարունակէ ձեռք երկարել գաղթական այն ընտանիքներուն, որոնք ապաստան պիտի գտնեն Լեռնային Ղարաբաղի մէջ:
«Գաղթական ընդունիլը միշտ ալ եղած է միջազգային հանրութեան կողմէ ընկալելի պատուաբեր իրադարձութիւն մը եւ գաղթական ընդունող երկրի մը նկատմամբ միշտ ալ խոնարհում տեղի ունեցած է: Հիմա, եթէ Ազրպէյճան ինքզինք ցոյց կու տայ իբրեւ հակառակ մօտեցում ունեցող, թող միջազգային հանրութիւնը եզրակացութիւն յանգի, թէ ինչպիսի՛ երկիր կայ ՄԱԿևի անդամ երկիրներուն ցանկին վրայ», ընդգծեց Արթուր Աղաբեկեան:
Փոխվարչապետը կոչ կ՛ուղղէ Ազրպէյճանին` Լեռնային Ղարաբաղի կառավարութեան որոշումներուն վերաբերեալ այլեւս դիրքորոշում չյայտնելու:
