Տիմեճեան Եւ Պզտիկեան՝ Հայ Դատի Ձեռնարկի Համաատենապետներ


Սարին Պզտիկեան
Այտա Տիմեճեան

ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը որոշած է այս տարուան Գոհաբանութեան տօնի շաբաթավերջին կայանալիք իր տարեկան ձեռնարկի կազմակերպիչ յանձնախումբին ատենապետներ նշանակել Այտա Տիմեճեանն ու Սարին Պզտիկեանը:
«Ուրախ ենք, որ Սարինն ու Այտան ստանձնեցին այս պարտականութիւնը՝ իրենց հետ բերելով տարիներու փորձառութիւնն ու խանդավառութիւնը», կը յայտնէ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի համաատենապետ Նորա Յովսէփեան:
Հայ Դատի տարեկան ձեռնարկը առիթ մըն է քննելու Հայ Դատի վերջին մէկ տարուան գործունէութիւնը ու պատուելու Հայ Դատին ի նպաստ գործունէութիւն ծաւալած գործիչներ, մտաւորականներ, արուեստագէտներ ու քաղաքական անձնաւորութիւններ:
Տիմեճեան կը յայտնէ, թէ արդէն իսկ կազմուած է կազմակերպիչ յանձնախումբը, որ աշխատանքի անցած է՝ անգամ մը եւս յաջող ձեռնարկ մը իրագործելու համար: Անցեալ տարուան ձեռնարկին մասնակցած էր աւելի քան հազար հոգի:
Նոյեմբեր 30ին կայանալիք ճաշկերոյթը մաս պիտի կազմէ ամբողջ շաբաթավերջին կայանալիք ձեռնարկներու շարքին, որ տեղի պիտի ունենայ Հոլիվուտի «Լոզ» պանդոկին մէջ:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.