ՏԱՐԱԾԱՇՐՋԱՆԸ ԿԸ ԴԻՏԷ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԻ ԶԻՆՈՒԻԼԸ


 

 

Շահլա Սուլթանովա եւ Եքաթերինա Պօղոսեան Պատերազմի եւ խաղաղութեան տեղեկագրման հիմնարկի կայքէջին վրայ «Շրջակայքը կը դիտէ Ազրպէյճանի զինուիլը» խորագիրով իրենց յօդուածին մէջ կը նշեն, որ Հայաստան, Պաքուի մեծ ծախսերուն հետ մրցելու անկարող ըլլալով, Մոսկուայի հետ յատուկ յարաբերութեանց կը վստահի։
Ազրպէյճանի արագ կշռոյթով զինուիլը տարածաշրջանին մէջ մտահոգութիւն կը ստեղծէ եւ ըստ կարգ մը վերլուծաբաններու, հակամարտութեան վերանորոգման վտանգը կը բարձրացնէ։
Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ 26 յունիսին Պաքուի մէջ զինուորական տողանցքի մը առիթը օգտագործեց բոլորին յիշեցնելու, թէ իր երկրին պաշտպանութեան մարզի տարեկան ծախսը 3.7 միլիառ տոլար է, ինչ որ Հայաստանի ամբողջ պիւտճէին շուրջ կրկնապատիկն է։ Տասնամեակ մը առաջ Ազրպէյճանի պաշտպանութեան մարզի պիւտճէն 160 միլիոն տոլար էր։ Ան նշեց, որ վերջին տարիներուն «ամէնէն արդիական» զէնքերը գնած են, անոնք միայն ցուցադրութեան համար չեն եւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան անլոյծ ըլլալուն պատճառով այդ զէնքերուն պէտք ունին։
Յունիսին կիսուն ռուսական «Վետոմոսթի» օրաթերթը հաղորդեց, որ Ռուսիա Ազրպէյճանին 1 միլիառ տոլար արժողութեամբ զրահապատ մեքենաներ եւ հրետանի ծախած է։ Այդ լուրը մտահոգեց հայ պաշտօնատարները, որովհետեւ Մոսկուա թէ՛ սերտ դաշնակից մըն է եւ թէ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան լուծման համար միջնորդութիւն կատարող ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի անդամ, սակայն Ազրպէյճանի դրամ ծախսելու արշաւէն օգտուելէն ուրախ կը թուի ըլլալ։ Ռուսիոյ Անվտանգութեան խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Նիքոլայ Փաթրուշեւ Հայաստան իր այցելութեան ընթացքին այդ վաճառքը զետեղեց բնական առեւտուրի ծիրին մէջ՝ նշելով, որ այդ քայլը տարածաշրջանին մէջ հաւասարակշռութիւնը պիտի չփոխէ։ Անոր պաշտօնակիցը՝ Արթուր Պաղտասարեան իր կարգին ռուս-ազրպէյճանական համաձայնութեան մեծ նշանակութիւն չընծայեց։
Երեւանի մէջ Շրջանային հարցերու ուսումնասիրութեանց կեդրոնի տնօրէն Ռիչըրտ Կիրակոսեան յայտնեց, որ Ռուսիոյ կողմէ Ազրպէյճանին մեծաթիւ զէնքեր ծախուելուն լուրը վերականգնեց այն մտավախութիւնը, թէ Հարաւային Կովկասին մէջ հաւասարակշռութիւնը ի նպաստ Ազրպէյճանի կը թեքի եւ կրնայ Լեռնային Ղարաբաղին բռնի ուժով վերատիրանալու մտադրութեան ցուցանիշ մը ըլլալ։
ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակը)Ռուսիա, Միացեալ Նահանգներ, Ֆրանսա( 18 յունիսին միացեալ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարներուն կոչ ուղղեցին՝ վերանորոգելու ուժի կիրարկումը կամ ուժի կիրարկման սպառնալիքը օգտագործելէ ետ կենալու նկատմամբ իրենց յանձնառութիւնը։ Անոնք նաեւ նշեցին, որ ղեկավարները պէտք է իրենց ժողովուրդը պատրաստեն խաղաղութեան եւ ոչ թէ՝ պատերազմի։ Սակայն այդ հաղորդագրութեան հրապարակումէն 8 օր ետք, տեղի ունեցած զինուորական տողանցքին ընթացքին Ալիեւի արտասանած խօսքին մէջ այդ զգացումները բացակայ էին։ Ան յստակ դարձուց, որ ղարաբաղեան հակամարտութիւնը տակաւին չէ աւարտած եւ ազրպէյճանական բանակը պէտք է պատրաստ ըլլայ որեւէ պահու եւ որեւէ ձեւով երկրին հողային ամբողջականութիւնը վերականգնելու։
Սակայն ազրպէյճանցի փորձագէտ Եաշար Ժաֆարլի կը յայտնէ, որ այդպիսի ռազմաշունջ յայտարարութիւնները պէտք չէ մտահոգեն, որովհետեւ մեծաքանակ զէնքեր գնելու ազրպէյճանի պաշտպանութեան մարզի խանդավարութիւնը աւելի այդ առուծախէն գոյացած շահաբաժիններուն առնչուած է քան՝ պատերազի երթալու որեւէ իսկական խանդավարութեան։
Մոսկուայի մէջ Քաղաքական եւ ռազմական վերլուծութեան հիմնարկի փորձագէտ Սերկէյ Մարքետոնով յայտնեց, որ Մոսկուա Ազրպէյճանի հետ իր յարաբերութիւնը կը դիտէ իբրեւ ռազմավարական գործընկերութիւն մը, իսկ Հայաստանին հետ եղածը՝ իբրեւ ռազմավարական դաշնակցութիւն մը։ Ինչ որ կը նշանակէ, թէ ան դրամի համար Ազրպէյճանի զէնք կը ծախէ, իսկ Հայաստանին այդ զէնքերը, ԱՊՀ-ի ծիրին մէջ, զեղջով կը ծախէ։
Հայաստանի պաշտպանութեան հետ սերտ կապեր ունեցող փորձագէտ Հրաչեայ Պետրոսեանց կը յայտնէ, որ թէեւ Ազրպէյճանի Ռուսիայէն գնած զէնքերը տարածաշրջանի ռազմական հաւասարակշռութիւնը չեն խախտեր, Հայաստան պէտք է ուշադիր ըլլայ՝ աւելցնելով, որ Երեւան յաւելեալ ներդրում պէտք է կատարէ իր բանակի մարզումին վրայ, որպէսզի հայ զինուորները իրենց տրամադրութեան տակ գտնուող զէնքերը լաւագոյնս օգտագործեն։ 


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.