ԿՈՎԿԱՍԵԱՆ ԵՐԿԻՐՆԵՐՈՒՆ ԱՌԱՔՈՒՈՂ ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ՕԺԱՆԴԱԿՈՒԹԻՒՆԸ ԿՐՆԱՅ ԴԱԴՐԻԼ
Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու Տան ենթայանձնաժողովը , որ պատասխանատու է 2014 թուականի ելեւմտական տարուան օտարերկրեայ օգնութեան վերաբերեալ նախագիծին համար, առաջնահերթութիւնը տուած է Սուրիոյ հակամարտութեան: Վերջին քսան տարիներուն ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով ցանկէն դուրս կը մնան Կովկասի երկիրները: Օրինագիծը հաստատուելու պարագային, Հայաստան եւ Արցախ պիտի զրկուին ամերիկեան ամենամեայ օժանդակութիւններէն:
Օրինագիծի հետ ներկայացուած տեղեկագիրը զգալի ուշադրութիւն դարձուցած է Միջին Արեւելքի մէջ մարդասիրական օժանդակութիւններուն՝ արաբական գարնան եւ Սուրիոյ հակամարտութեան: Տեղեկագիրը կ’արձանագրէ, թէ միջինարեւելեան երկիրներու մէջ աւելցած են քրիստոնեաներու եւ այլ փոքրամասնութիւններու տագնապները: Ենթայանձնաժողովը պետական քարտուղարութեան կոչ կ’ուղղէ մարդասիրական օգնութիւն ցուցաբերել այդ երկիրներու փոքրամասնութիւններուն: