Հանդիպում Գանատայի առաջնորդական տեղապահ Տ. Նաթան արք. Յովհաննիսեանի հետ


 

 

Յուլիս 23-ին, Գանատայի հայոց թեմի առաջնորդ Խաժակ արք. Յակոբեան, ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Րաֆֆի Տօնապետեան, Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Վիգէն Թիւֆէնքճեան, Ազգային վարչութեան ատենապետ Գրիգոր Տէր Ղազարեան, ՀՕՄ-ի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Սեդա Մալխասեան, ՀՄԸՄ-ի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Տիրան Շահինեան, Համազգայինի Շրջանային վարչութեան անդամ Ռիթա Շամլեան եւ «Հորիզոն» շաբաթաթերթի վարիչ-խմբագիր Վահագն Գարագաշեան ծանօթացման հանդիպում մը ունեցան Գանատայի Առաջնորդական տեղապահ Տ. Նաթան արքեպիսկոպոս Յովհաննիսեանի հետ, Ս. Գրիգոր Լուսաւորոչ առաջնորդանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ։

Նշենք, ոը Գանատայի թեմական խորհուրդի խնդրանքին ընդառաջելով, Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Տ. Նաթան արքեպիսկոպոս Յովհաննիսեանին Գանատայի թեմի առաջնորդական տեղապահ նշանակեց, վարելու թեմի ընթացիկ գործերը և թեմական խորհուրդին հետ միասին կազմակերպելու թեմական պատգամաւորական 31-րդ ժողովը, որու ընթացքին պիտի կայանան Գանատահայոց թեմի առաջնորդի նոր ընտրութիւնները:

Հանդիպման ներկայ էին նաեւ Տէր Վազգէն աւ. քհնյ. Պոյաճեան, առաջնորդարանի հանրային կապերու գրասենեակի պատասխանատու Յակոբ Ասլանեան եւ առաջնորդարանի քարտուղարաուհի Սիլվա Մանկասարեան։

Մէկ ժամ տեւողութեամբ հանդիպման ընթացքին Նաթան Սրբազան ծանօթացաւ Գանատայի մէջ գործող հայկական կազմակերպութիւններու գործունէութեան եւ գաղութի կրթական, մշակութային եւ ազգային կեանքի մանրամասնութիւններուն։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.