Փաուըր Ցեղասպանութեան Քննութիւնը Իրականութեանց Վրայ Հիմնելու Կոչ Կընէ


ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի կողմէ ՄԱԿի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան նշանակուած Սըմենթա Փաուըր, Ծերակոյտի Արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբին առջեւ իր տուած վկայութեան ընթացքին, պատասխանելով յանձնախումբի ատենապետ ծերակուտական Ռապըրթ Մենենտեզի հարցումներուն՝ անդրադարձած է նաեւ Հայկական Ցեղասպանութեան հարցին, շեշտելով, թէ անոր քննութիւնը պէտք է հիմնուի իրականութեանց վրայ:
Շեշտելով Հայկական Ցեղասպանութիւնը «ցեղասպանութիւն» կոչելու կարեւորութիւնը եւ նկատի ունենալով այն իրողութիւնը, որ Փաուըր անցեալին եղած է Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումը ապահովելու ջատագով մը՝ Մենենտեզ յոյս յայտնեց, որ Փաուըր Հայկական Ցեղասպանութեան նկատմամբ իր որդեգրած սկզբունքային կեցուածքին վրայ հաստատ կը մնայ, որպէսզի ցեղասպանութիւններուն կրկնութեանց առաջքը առնելու կոչերը կարելի ըլլայ գործի վերածել:
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը յիշեցնէ, թէ 2007ին Փաուըր «Թայմ» թերթին մէջ անդրադառնալով Հայկական Ցեղասպանութիւնը ուրանալու Թուրքիոյ քաղաքականութեան՝ գրած էր, թէ «Թուրքիոյ հետ Միացեալ Նահանգներու յարաբերութիւնները կարելի չէ սուտի մը վրայ կառուցել»:
Յիշեցնենք, թէ իբրեւ ծերակուտական Օպամայի խորհրդական՝ Փաուըր 2008ին առանցքային դերակատարութիւն ունեցած էր Հայկական Ցեղասպանութիւնը հաստատող Օպամայի յայտարարութիւնը ապահովելու աշխատանքին մէջ: Սակայն, Փաուըր ցարդ չէ կրցած նախագահ Օպամայէն ապահովել Հայկական Ցեղասպանութիւնը յստակօրէն ճանչնալու կապակցութեամբ յայտարարութիւն մը:
Փաուըրի թեկնածութեան քննարկումին նուիրուած Ծերակոյտի Արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբին նիստը կարելի է դիտել՝ այցելելով Ծերակոյտին
www.foreign.senate.gov/hearings/nomination-07-17-2013 կայքէջը:
Յայտնենք, թէ Սըմենթա Փաուըր 2003ին «Փուլիցըր» մրցանակին տիրացած էր ցեղասպանութիւններու նուիրուած իր գիրքին համար, որուն մէջ կը քննուի Միացեալ Նահանգներու արտաքին քաղաքականութեան հակազդեցութիւնը՝ ցեղասպանութեանց կապակցութեամբ: Գիրքին մէջ ան համոզում կը յայտնէ, թէ հայերու, հրեաներու, Քամպոտիոյ եւ Ռուանտայի ցեղասպանութիւնները տեղի ունեցած են, որովհետեւ իշխանութիւնները աչք փակած են եւ պաշտօնատարներ որոշած են չմիջամտել: «Ամենատարածուած պատասխանը՝ «մենք չենք գիտեր»ն է, ինչ որ ճիշդ չէ», գրած է Փաուըր:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.