ՀԱԼԷՊԸ ՊԱՇԱՐՄԱՆ ՏԱԿ ՍՈՎԻ ԿԸ ՄԱՏՆՈՒԻ


 

 

Էտուըրտ Տարք ալ-Մոնիթըր կայքէջին վրայ 15 յուլիսին տեղադրուած իր «Հալէպը պաշարման տակ սովի կը մատնուի» խորագիրով յօդուածին մէջ կը նկարագրէ Հալէպի մէջ վերջերս ստեղծուած դժուար կացութիւնը։

Ան կը գրէ, որ ամէնուրէք տխուր աչքեր ու հոգնած դէմքեր կ՚երեւին, ինչպէս նաեւ լքուած փողոցներ ու դատարկուած խանութներ՝ մինչ քաղաքի 2 միլիոն բնակչութիւնը դանդաղօրէն «խեղդամահ» կ՚ըլլայ։ Ճակատող երկու կողմերն ալ զիրար կ՚այպանեն, իսկ ճշմարտութիւնը այն է, որ անոնք երկուքն ալ հաւասարապէս այպանելի են։

Թարմ սննդեղէնի, կանանչեղէնի, կաթի, հացի եւ միսի տագնապ գոյութիւն ունի, իսկ անոնց գիները բնակչութեան մեծամասնութեան համար անհասանելի դարձած են։ Պտուղները ներկայիս պերճանք են, յայտնի մակնիշ ունեցող ծխախոտները միայն հարուստներուն հասանելի, մնացեալը կը ծխեն վատորակ ծխախոտներ, որոնք վատ հոտ մը ունին։ Անձնական ինքնաշարժեր վարելը միայն վերնախաւին համար է, որովհետեւ ինքնաշարժին մէջ վառելանիւթը լիաբերան լեցնելը ներկայիս հասարակ աշխատաւորի մը աշխատավարձին կրկնապատիկն է։ Հանրային փոխադրամիջոցները սակաւաթիւ են եւ սովորական գինին կրկնապատիկը կամ եռապատիկը։ Ան կասկած կը յայտնէ, որ հալէպցիներուն մէջ նոյնիսկ ամէնէն յոռետեսը կրնար երեւակայել, որ Հալէպը վերջին շաբաթներուն ընթացքին իր մատնուած կացութեան մէջ կրնայ յայտնուիլ։

Տարք կը գրէ, որ ներկայիս պաշարեալ Արեւմտեան Հալէպի բնակիչներուն համար շրջանէն դուրս գալու միակ ճամբան վարչակարգին վերահսկողութեան տակ գտնուող Արեւմտեան Հալէպը եւ ընդդիմութեան տիրապետութեան տակ գտնուող Արեւելեան Հալէպը իրարու կապող Պուսթան ալ-Քասր անցքն է, որ դիպուկ կերպով »մահուան անցք« կը կոչուի, որովհետեւ այդ վտանգաւոր ուղեւորութիւնը կատարողները արձակազէններու կամայական թիրախը կը դառնան։ Արեւելեան Հալէպէն գնումներ կատարելէ ետք Արեւմտեան Հալէպ վերադարձող քաղաքացիները ընդդիմադիր զինեալներու անցարգելներուն վրայ ծեծի եւ վատ վերաբերմունքի կ՚ենթարկուին, «թող վարչակարգը ձեզ կերակրէ»-ի կամ «Գնա՛ նախ Հոմսի պաշարումը քակէ»-ի նման բացականչութիւններ կը լսեն եւ իրենց գնած ապրանքները կրնան գրաւուիլ կամ գետին նետուիլ։

Ան կը նշէ, որ ընդդիմադիրներու վերահսկողութեան տակ եղող շրջաններու մէջ իսլամական դատարաններուն կողմէ հրապարակուած շարք մը հրամանագրեր, ինչպէս նաեւ անցքին վրայ գտնուող մեծ պաստառ մը, կտրուկ կերպով կ՚արգիլէ ուտեստեղէնի, կաթի կամ դեղորայքի վարչակարգի շրջաններ փոխադրելը։

Տարք իր յօդուածը կը փակէ ընդգծելով, որ ընդդիմադիրները, որոնք ենթադրաբար բոլոր սուրիացիներուն ազատութեան համար կը պայքարին, Արեւմտեան Հալէպի բնակիչները վարչակարգի համակիրներ կը նկատեն, իսկ վարչակարգը իր ժողովուրդի ճակատագրով հետաքրքրուած չէ եւ պատրաստ է ահաբեկիչներն ու ընդդիմադիրները արմատախիլ ընելու իր արշաւին մէջ եւ կամ քարոզչական առաւելութիւն ձեռք ձգելու համար զոհելու ժողովուրդը։ 


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.