Սուրիահայութեան Օգնութեան Ձեռք Երկարելու Կոչ՝ Ամերիկայի Իշխանութեանց


ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Միացեալ Նահանգներու տարածքէն ամերիկահայ քաղաքացիական, եկեղեցական եւ մարդասիրական կազմակերպութեանց ղեկավարներ, հեռահաղորդակցութեամբ իրենց մասնակցութիւնը բերած են Սուրիոյ ժողովուրդին մարդասիրական օժանդակութիւն տրամադրելու նպատակով Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան նախաձեռնած խորհրդակցութեանց, որոնք տեղի ունեցած են մայրաքաղաք Ուաշինկթըն գտնուող արտաքին գործոց նախարարութեան կեդրոնատեղին:
Խորհրդակցութեանց ընթացքին, ամերիկահայ ղեկավարները յատուկ ուշադրութիւն դարձուցած են սուրիահայութեան անմիջական մարդասիրական օժանդակութիւն հասցնելու հրատապ հրամայականին վրայ: Անոնք շեշտած են, թէ սուրիահայերը, քրիստոնեայ այլ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչներու նման, շատ դժուար կացութեան մատնուած են՝ թիրախ դառնալով յարձակումներու եւ այլ զրկանգներու, Հալէպի, Դամասկոսի, Քեսապի եւ այլ շրջաններու մէջ:
Շեշտը դրուած է յատկապէս հետեւեալ կէտերուն վրայ.
1. Ապահովել հաւասարակշռեալ եւ կարիքի հիման վրայ հաստատուած օժանդակութեանց բաշխում Սուրիոյ բոլոր շրջաններուն, ներառեալ՝ Հալէպի, ուր կ՛ապրին մեծ թիւով հայեր եւ այլ քրիստոնեաներ:
2. Կանխարգիլել քաղաքներու շրջափակումները, ինչպէս տեղի կ՛ունենայ Հալէպի մէջ:
3. Յաւելեալ օժանդակութիւն տրամադրել Հայաստանի կառավարութեան եւ Հայաստանէն ներս գործող մարդասիրական կազմակերպութեանց, որպէսզի անոնք, իրենց կարգին, օժանդակութիւն տրամադրեն Հայաստան ապաստանած սուրիահայերուն:
4. Օժանդակութեան ձեռք երկարել Հայց. եկեղեցւոյ եւ Լիբանանէն ներս գործող մարդասիրական կազմակերպութեանց, որպէսզի անոնք եւս օժանդակութիւն տրամադրեն Լիբանան ապաստանած սուրիացիներուն:
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը նշէ, թէ մինչ Սուրիոյ տագնապէն առաջ սուրիահայերուն թիւը կը գնահատուէր մօտաւորապէս 100,000ով, ներկայիս անոնց գրեթէ կէսը հեռացած է Սուրիայէն: Կը կարծուի, թէ 10,000 սուրիահայեր ապաստանած են Հայաստան, եւ նոյնքան ալ՝ Լիբանան:
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը աշխատանք կը տանի նաեւ քոնկրեսականներուն յաւելեալ մանրամասնութիններ փոխանցելու սուրիահայութեան դիմագրաւած դժուարութեանց մասին, որպէսզի կարելի ըլլայ օժանդակութեան ձեռք երկարել անոնց:
Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին գործողութեանց ենթայանձնախումբին առջեւ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին վկայութիւնը կարելի է դիտել՝ այցելելով www.anca.org/press_releases/press_releases.php?prid=2244 կայքէջը:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.