Տաւութօղլու. «Թուրքիոյ հողերէն քար մը անգամ վերցնել փափաքողները պէտք է իրենց չափն ու սահմանը գիտնան»


 

 

CNN լրատուական կայանի Թուրքիոյ բաժանմունքը կը յայտնէ, որ այս օրերուն Ատրպէյճան գտնուող Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմէտ Տաւութօղլու Պաքուի մէջ անդրադարձած է որոշ հայ պաշտօնեաներու կողմէ Թուրքիոյ ուղղուած հողային պահանջի մասին պնդումներուն:
Տաւութօղլու յայտարարած է. ««Թուրքիոյ հողերէն քար մը անգամ վերցնել փափաքողները պէտք է իրենց չափն ու սահմանը գիտնան: Ոչ ոք նոյնիսկ մտքի ծայրէն պէտք է նման բան անցնէ:
Այս նիւթին շուրջ կատարուած յայտարարութիւնները զառանցանք են: Կովկասի մէջ խաղաղութիւնը ապահովելու համար ամէն մարդ իր  չափն ու սահմանը պէտք է գիտնայ: Թուրքիոյեւ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը մեզի համար ամենէն կարեւորն է»:
Յիշեցնենք, որ վերջերս Հայոց Երեւանի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին ընդառաջ ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած իրաւաբաններու համաժողովի ընթացքին, ՀՀ գլխաւոր դատախազ Աղուան Յովսէփեանը իր ելոյթին մէջ նշսծ էր, որ  հայ եկեղեցւոյ պէտք է վերադարձուին Թուրքիոյ տարածքին մէջ կանգուն մնացած եկեղեցիները և եկեղեցապատկան հողերը, իսկ Հայաստանի Հանրապետութիւնն ալ պէտք է ստանայ իր կորսնցուցած տարածքները:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.