սուրիահայութեան «ԴՊՐՈՑ» ՀԻՄՆԱԴՐԱՄ – ՀԱՒԱՏՔ, ՆՈՒԻՐՈՒՄ, ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

 

Սուր­իոյ վար­ժա­րան­նե­րը ընդ­հան­րա­պէս, Հա­լէ­պի վար­ժա­րան­նե­րը մաս­նա­ւո­րա­պէս 2012-2013 ու­սում­նա­կան վե­րա­մու­տը քա­ղա­քա­կան տագ­նա­պի զար­գա­ցում­նե­րուն զու­գըն­թաց անա­պա­հո­վու­թեան մէջ դի­մա­ւո­րե­ցին: Սո­վո­րա­բար աշ­նա­նա­յին տե­րե­ւա­թա­փով վե­րա­մու­տը աւե­տող հա­լէպ­եան առա­ւօտ­նե­րը, ռում­բե­րու տա­րա­փով ահ ու սար­սափ տա­րա­ծե­ցին: Քա­ղա­քի հրա­պա­րակ­նե­րուն մէջ դպ­րո­ցա­կան փո­խադ­րա­կառ­քե­րուն փո­խա­րի­նե­լու եկան տաղտ­կա­լի հրա­սայ­լեր, ան­ցորդ­ներ փամ­փուշտ­նե­րէ ու ռում­բե­րէ հա­լա­ծա­կան դար­ձան:

Կամք, յանձ­նա­ռու­թիւն եւ հուժ­կու ջան­քեր էին պէտք, ար­տա­սո­վոր այս պայ­ման­նե­րուն մէջ ու­սում­նա­կան տա­րի մը սկ­սե­լու հա­մար:

Հա­լէ­պի հայ­կա­կան վար­ժա­րան­նե­րը այս յանձ­նա­ռու­թեամբ թե­ւա­կո­խե­ցին վե­րա­մու­տը, անոնք դի­մագ­րա­ւե­լով հան­դերձ նոյ­նան­ման դժ­ուա­րու­թիւն­ներ, զա­նա­զան­ուե­ցան իրենց աշ­խար­հագ­րա­կան դիր­քին հետ կապ­ուած վտանգ­նե­րուն տա­րո­ղու­թեամբ:

Հա­լէ­պի մէջ բա­խում­նա­լից գօ­տի­նե­րէ հե­ռու, հա­մե­մա­տա­բար աւե­լի ապա­հով շր­ջան­նե­րու մէջ գտ­նուող հայ­կա­կան վար­ժա­րան­ներ վե­րա­մու­տը սո­վո­րա­կան ժամ­կէ­տով սկ­սան:

Բա­ցի Հա­լէ­պէն, Բեր­իոյ Հա­յոց Թե­մի Սուր­իոյ մնաց­եալ շր­ջան­նե­րուն մէջ գոր­ծող Ազ­գա­յին վար­ժա­րան­նե­րու ու­սում­նա­կան տա­րեշր­ջա­նը սկ­սաւ պե­տա­կան կր­թա­կան նա­խա­րա­րութ­եան ճշ­դած ժամ­կէ­տով: Հա­լէ­պի մէջ սա­կայն, Ազ­գա­յին Հայ­կազ­եան, Սա­հակ­եան, Զա­ւար­եան վար­ժա­րան­ներն ու Ազգ. Քա­րէն Եփ­փէ Ճե­մա­րա­նը յայտն­ուե­ցան բա­խում­նե­րու թէժ գի­ծի վրայ: Ահա­ւոր մար­տեր ըն­թա­ցան այս վար­ժա­րան­նե­րուն յա­րող տա­րածք­նե­րուն մէջ: Նոր Գիւ­ղ շր­ջա­նին մէջ գտ­նուող Ազգ. Քա­րէն Եփ­փէ Ճե­մա­րա­նի փո­ղո­ցը դար­ձաւ ան­մար­դաբնակ ու անան­ցե­լի, բնա­կա­րան­նե­րուն վրայ ին­կած ռմ­բագն­դակ­ներն ու դի­պու­կա­հար­նե­րու անխ­նայ հար­ուած­նե­րը տասն­եակ զո­հեր խլե­ցին, շր­ջա­նը հիմ­նո­վին զրկ­ուե­ցաւ նա­եւ ելեկտ­րա­կան հո­սան­քէ:

Այս շր­ջան­նե­րու անա­պա­հով վի­ճա­կի լոյ­սին տակ Ազգ. Իշ­խա­նու­թիւնը մե­ծա­թիւ աշա­կերտ­նե­րու ապա­հո­վու­թիւնը վտան­գե­լը կար­միր գիծ հա­մա­րե­լով յե­տաձ­գեց վե­րա­մու­տը, սա­կայն Ազգ. Քա­րէն Եփ­փէ ճե­մա­րա­նի 9-րդ եւ 12-րդ կար­գե­րուն հա­մար որ­դեգ­րեց յա­տուկ դրու­թիւն մը, նկա­տի ու­նե­նա­լով անոնց պե­տա­կան քն­նու­թեանց նա­խա­պատ­րաստ­ուե­լու անհ­րա­ժեշ­տու­թիւնը: Ճե­մա­րա­նի 12-րդ կար­գի աշա­կերտ­նե­րը, Սեպ­տեմ­բե­րի երկ­րորդ շա­բա­թէն իսկ, իրենց ու­սում­նա­կան կեան­քը վերսկ­սան`Հա­լէ­պի «Սի­մոն Վրաց­եան» մշա­կու­թա­յին կեդ­րո­նէն ներս: Շա­բաթ մը անց, 9-րդ կար­գի աշա­կերտ­նե­րուն ու­սում­նա­կան տա­րին եւս ըն­թացք առաւ Ազգ. Կիւլ­պէնկ­եան վար­ժա­րա­նի կա­ռոյ­ցէն ներս:

Հա­կա­ռակ շա­րու­նա­կուող դըժ­ուա­րու­թիւն­նե­րուն, մեր աշա­կեր­տութեան ու­սում­նա­կան օղա­կա­ւոր­ուած կեան­քին մէջ տար­ուան մը բաց չձ­գե­լու եւ զա­նոնք դպ­րո­ցա­կան կեն­սու­նակ առօր­եա­յէն չզր­կե­լու առա­ջադ­րան­քէն մեկ­նած, Բեր­իոյ Հա­յոց Թե­մի Ազգ. Վար­չու­թիւնը սեր­տեց 2012-2013 ու­սում­նա­կան տա­րին ձե­ւով մը սկ­սե­լու հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րը եւ 2012-ի Դեկ­տեմ­բե­րին Հա­լէ­պի ազ­գա­յին վար­ժա­րան­նե­րը, բա­ցի ման­կա­պար­տէզ­նե­րէն, վե­րա­բաց­ուե­ցան:

Նկա­տի ու­նե­նա­լով, որ Ազգ. Կիւլ­պէնկ­եան վար­ժա­րա­նը, Հա­լէ­պի ազ­գա­յին վար­ժա­րան­նե­րուն մէջ հա­մե­մա­տա­բար ապա­հո­վա­գոյն վար­ժա­րանն էր ե՛ւ որ­պէս վայր ե՛ւ որ­պէս կա­ռոյց, Ազգ.Վար­չու­թեան որո­շու­մով, Հա­լէ­պի ազ­գա­յին 5 վար­ժա­րան­նե­րը իրենց ու­սում­նա­կան տա­րին սկ­սան Կիւլ­պէնկ­եան վար­ժա­րա­նի կա­ռոյ­ցէն ներս, ժա­մե­րու հա­մա­պա­տաս­խան դա­սա­ւո­րում­նե­րով:

Երկ­րի պա­տե­րազ­մա­կան աղէ­տա­լի վի­ճա­կը, յատ­կա­պէս Հա­լէ­պի մէջ գոր­ծա­րան­նե­րու, վա­ճա­ռա­տու­նե­րու քան­դումն ու հա­մա­տա­րած ան­գոր­ծու­թիւնը տն­տե­սա­կան անել կա­ցու­թեան մատ­նե­ցին մեր ժո­ղո­վուր­դի զա­ւակ­նե­րը: Իրենց պար­տա­ւո­րու­թիւն­նե­րուն գի­տա­կից, նոյ­նիսկ պար­տա­ւո­րու­թիւն­նե­րէն ան­դին անց­նող նուի­րա­տու ծնող­ներ, որոնք տա­րի­ներ շա­րու­նակ իրենց զաւ­կին կր­թա­թոշա­կին կող­քին, չքա­ւոր աշա­կերտ­նե­րու կր­թա­թո­շակ­նե­րու ամ­բող­ջա­ցումն ալ յանձն կ՛առ­նէ­ին, այս տա­րի կը դժ­ուա­րա­նա­յին ար­տա­յայտ­ուիլ, թէ ի վի­ճա­կի չեն իրենց զա­ւակ­նե­րուն կր­թա­թո­շակ­ներն ան­գամ ամ­բող­ջաց­նե­լու: Ազգ. Վար­չու­թիւնը սա­կայն տէր կանգ­նե­ցաւ մեր ծնող­նե­րուն, ձեռք եր­կա­րեց բո­լո­րին ու հո­գա­տար իր վե­րա­բեր­մուն­քին որ­պէս ար­տա­յայ­տու­թիւն, Ազգ. Երես­փո­խա­նա­կան ժո­ղո­վի որո­շու­մով, յար­մար նկա­տեց 2012-2013 ու­սում­նա­կան տա­րեշր­ջա­նի կր­թա­թո­շակ­նե­րը չպա­հան­ջել ծնող­նե­րէն: Այս որո­շու­մը ծա­փող­ջոյն­նե­րով դի­մա­ւոր­ուե­ցաւ ծնող­նե­րուն կող­մէ, անոնց հետ կա­յա­ցած հան­դի­պում­նե­րուն ըն­թաց­քին:

Կր­թա­թո­շակ­նե­րը ազ­գա­յին վար­ժա­րան­նե­րու եկա­մու­տի հիմ­նա­կան աղ­բիւր­ներն էին: Չմուծ­ուած կր­թա­թո­շակ­ներ պի­տի նշա­նա­կէ­ին ազ­գա­յին վար­ժա­րան­նե­րու նա­խա­տես­ուած հըս­կայ ել­քե­րուն դի­մաց չի­րա­կա­նա­ցած եկա­մու­տեր: Այ­սու­հան­դերձ Կր­թա­կան ազ­գա­յին հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու 2012-2013 ու­սում­նա­կան տա­րեշր­ջա­նի բո­լոր ծախ­սե­րը հո­գաց Ազ­գա­յին Իշ­խա­նու­թիւնը, ան տէր կանգ­նե­ցաւ նա­եւ ազ­գա­յին վար­ժա­րան­նե­րու պաշ­տօ­նէ­ութ­եան ու աշ­խա­տան­քի վրայ պա­հեց բո­լո­րը:

Երկ­րի քա­ղա­քա­կան տագ­նապն ու տն­տե­սա­կան ծանր վի­ճա­կը օրե­րու թա­ւա­լու­մին հետ բար­դա­ցաւ: Ազ­գա­յին Իշ­խա­նու­թիւնը ազ­գա­յին վար­ժա­րան­նե­րու գո­յեր­թը պահ­պա­նե­լու իր տա­րաբ­նոյթ աշ­խա­տանք­նե­րուն կող­քին, Ազգ. երես­փո­խա­նա­կան ժո­ղո­վին վա­ւե­րա­ցու­մով եւ Մե­ծի Տանն Կի­լիկ­իոյ Կա­թո­ղի­կոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տին օրհ­նութ­եամբ, հաս­տա­տեց «Դպ­րոց»կր­թա­կան հիմ­նադ­րա­մը, որուն նպա­տակն էր Բեր­իոյ Հա­յոց Թե­մի Ազգ. վար­ժա­րան­նե­րու, յատ­կա­պէս 2012-2013 ու­սում­նա­կան տա­րեշր­ջա­նի, նիւ­թա­կան կա­րիք­նե­րը բա­ւա­րա­րել հա­մազ­գա­յին հան­գա­նա­կու­թիւն կազ­մա­կեր­պե­լով հա­լէ­պա­հա­յե­րէ, սուր­ի­ա­հա­յե­րէ եւ աշ­խար­հաս­փիւռ հա­յե­րէ, որոնք կը հա­ւա­տան ազ­գա­յին դպ­րոց­նե­րու առա­քե­լու­թեան ու պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւն կը յայտ­նեն զօ­րա­վիգ դառ­նա­լու սուր­ի­ա­հա­յու­թեան գո­յեր­թին: Հիմ­նադ­րա­մը ու­նե­ցաւ իր հո­գա­բար­ձու­թիւնը Հա­լէպ քա­ղա­քին մէջ, որուն մաս կազ­մե­ցին նա­եւ Սփիւռ­քի զա­նա­զան գա­ղութ­նե­րէ ան­դամ­ներ:

Իս­կա­պէս հե­րո­սա­կան տա­րի մըն էր 2012-2013 ու­սում­նա­կան տա­րին: Միայն դր­ուա­տի­քով կա­րե­լի է ար­տա­յայտ­ուիլ մեր տնօ­րէն­նե­րուն, պաշ­տօ­նէ­ու­թեան, աշա­կեր­տու­թեան եւ ծնող­նե­րուն մա­սին, որոնք ապա­հո­վա­կան, կեն­ցա­ղա­յին, տն­տե­սա­կան անն­կա­րագ­րե­լի դժ­ուա­րու­թիւն­նե­րու մէջ, եր­բեմն իրենց կեանքն ան­գամ վտան­գե­լով, տա­րին պատ­ուա­բեր ար­դիւնք­նե­րով լրու­մին հաս­ցու­ցին:

Ազգ. վար­ժա­րան­նե­րը յա­ջո­ղութ­եամբ ու ան­փոր­ձանք աւար­տին հաս­ցու­ցին ու­սում­նա­կան այս տա­րին, ամառ­նա­յին ար­ձա­կուր­դի շր­ջա­նին աշ­խա­տան­քի ան­ցան նա­եւ ման­կա­պար­տէզ­նե­րը, ու խտաց­ուած ծրա­գիր­նե­րով աշ­խա­տե­ցան փա­կել 2012-2013 տա­րեշր­ջա­նի պար­տադ­րա­բար ստեղծ­ուած ու­սում­նա­կան բա­ցը:

Սուր­ի­ա­հայ վար­ժա­րան­նե­րուն երախ­տար­ժան ներդ­րում­նե­րով օգ­նու­թեան փու­թա­ցին` ՀՕՄ-ը, «Գա­լուստ Կիւլ­պէնկ­եան» հաս­տա­տու­թիւնը, Սուր­ի­ա­հա­յու­թեան Շտապ Օգ­նու­թեան Մար­մի­նը, հայ­կա­կան հա­մայնք­ներն ու «Գո­հար» հա­մոյ­թի ըն­տա­նի­քը:

Այ­սու­հան­դերձ, «Դպ­րոց» հիմ­նադ­րա­մին աջակ­ցե­լու կոչ­ուած ենք նա­եւ մենք` հա­լէ­պա­հա­յերս, սուր­ի­ա­հա­յերս, երկ­րի տն­տե­սա­կան դժ­ուա­րին պայ­ման­նե­րուն մէջ ան­գամ չզ­լա­նա­լով մեր կա­րե­լին տրա­մադ­րե­լու այս հիմ­նադ­րա­մին, նոյ­նիսկ «Այ­րի Կնոջ Լու­մա­յին» օրի­նա­կով, որով­հե­տեւ նու­ի­րա­տուու­թեան երե­ւոյ­թը ինք­նին, ազ­գա­յին վար­ժա­րան­նե­րուն զօ­րակ­ցե­լու մեր վճ­ռա­կա­մու­թեան գործ­նա­կան ար­տա­յայ­տու­թիւնն է:

Տն­տե­սա­կան հնա­րա­ւո­րու­թիւն­ներ ու­նե­ցող, երկ­րէն ներս թէ դուրս ապ­րող սուր­ի­ա­հայ ըն­տա­նիք­նե­րու ան­տար­բե­րու­թիւնը այս հիմ­նադ­րա­մին նկատ­մամբ ար­տա­սո­վոր երե­ւոյթ մը պի­տի ըլ­լայ մեր գա­ղու­թին հա­մար: Սուր­ի­ա­հայ գա­ղու­թի զա­ւակ­նե­րը, տա­րի­նե­րու իրենց գո­յեր­թով փաս­տած են, որ դժ­ուա­րու­թիւն­նե­րը ոչ միայն ակն­կա­լիք­նե­րով, այ­լեւ` սե­փա­կան ճի­գե­րով յաղ­թա­հա­րե­լու կամքն ու­նին: Հե­տե­ւա­բար, ինչ­պէս հա­մա­հայ­կա­կան տար­բեր ծրա­գիր­նե­րուն, նոյն­պէս ալ սուր­ի­ա­հա­յու­թեան գո­յեր­թի պահ­պան­ման հա­մար, մե՛ր ներդ­րում­նե­րը եւս, մեծ նշա­նա­կու­թիւն պի­տի ու­նե­նան տագ­նա­պի յաղ­թա­հար­ման մի­տող աշ­խա­տանք­նե­րուն մէջ, թէ­կուզ եր­կրի պայ­ման­նե­րէն թե­լադր­ուած յատ­կան­շա­կան գու­մար­նե­րով:

Օրե­րը տխուր են, օրե­րը անա­պա­հով ու դժ­ուար, սա­կայն հա­ւատ­քը, յոյսն ու վե­րա­կանգ­նե­լու մեր հա­ւա­քա­կան ճի­գե­րը, կը հա­ւա­տամ` անպը­տուղ պի­տի չմ­նան:

Զարմիկ Պօղիկեան

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.