Հայաստան «ծեր» երկիրներու շարքին կը դասուի


 

 

Եւրոպական ցամաքամասին եւ անոր մերձակայ երկիրներուն մէջ, անցնող երկու տասնամեակներուն բնակչութիւնը սկսած է  աստիճանաբար նուազիլ: Այս մտահոգութենէն դրդուած, Միացեալ Ազգերու կազմակերպութեան բնակցութեան ֆոնտի կազմակերպութեամբ, Յուլիս 1-2 Ժնեւի մէջ կայացաւ Enabling Choices: Population Priorities for the 21st Century խորագրով խորհրդաժողովը։ 

Համաժողովի մասնակից 44 երկիրներու աւելի քան 400 մասնակիցներ համաշխարհային ճանաչում ունեցող փորձագէտներու հետ քննեցին եւրոպական և Կեդրոնական Ասիայի երկիրներու առջեւ ծառացած ժողովրդագրական, վերարտադրողական առողջութեան և մարդու իրաւունքներու խնդիրները, ինչպէս նաեւ բնակցութեամբ աւելի «ծեր» պետութիւններու հարցերը:

Ծերացող երկիրներու շարքին է Հայաստանը, որ իր անմիջական տարածաշրջանին ամէնէն ծերերէն է: 

Ըստ պաշտօնական վիճակագրութիւններու, ներկայիս Հայաստանի մէջ 60-էն բարձր տարիքով մարդիկ բնակչութեան 14 տոկոսն կը կազմեն։ Համաձայն նոյն վիճակագրութեանց, 2050-ին այդ թիւը կրնայ բարձրանալ 31 տոկոսի: Ատրպէյճանի մէջ թոշակառուներու թիւը ներկայիս կը կազմէ 8 տոկոս, իսկ 2050-ին կը նարձրանայ 25 տոկոսի, սակայն, ի տարբերութիւն Հայաստանի, Ատրպէյճանի բնակչութեան թիւը յառաջիկայ 3 տասնամեակներուն ոչ թէ պիտի նուազի է, այլ պիտի աճի՝ հասնելով 11 միլիոնի: ՄԱԿ-ի Բնակչութեան հիմնադրամի Հայաստանի գործադիր ներկայացուցիչի տեղակալ Գարիկ Հայրապետեան այս մասին անդրադառնալով նշած է, որ Հայաստանի մէջ վերանայման ընթացքի մէջ է ժողովրդագրական խնդիրներու եւ ծնելիութեան խթանման հարցերու ռազմավարութիւնը։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.