ՍՈՒՐԻԱՑԻ ԹՈՒՐՔՄԷՆՆԵՐ ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ ՆՈՐ ԻՆՔՆՈՒԹԵԱՆ ՄԸ ՀԵՏԱՊՆԴՄԱՆ ԾԻՐԻՆ ՄԷՋ ԿԸ ՄԻԱՆԱՆ ԸՆԴԴԻՄԱԴԻՐ ՈՒԺԵՐՈՒՆ


 

«Ճէյմզդաուն.օրկ» կայքէջին վրայ լոյս տեսած իր «Սուրիացի թուրքմէններ սուրիական նոր ինքնութեան մը հետապնդման ծիրին մէջ կը միանան ընդդիմադիր ուժերուն» խորագիրով յօդուածին մէջ Նիքոլաս Ա. Հերաս կը յայտնէ, որ Սուրիոյ թուրքմէն համայնքը հետզհետէ աւելի մասնակից կը դառնայ երկրին ընդդիմադիր շարժումին։

Թուրքմէն ընդդիմադիր ղեկավարներ, որոնցմէ շատեր Թուրքիա աքսորուած են, կը պնդեն, որ Թուրքիան իրենց համայնքին համար մշակութային «հայրենիք» մըն է, թուրքմէնները յանձնառու են բազմապաշտական, հողային ամբողջականութեան տէր Սուրիոյ մը, որ օժտուած է վարչաձեւով մը, որուն մէջ երկրին բոլոր ազգային եւ յարանուանական խմբաւորումները ներկայացուած են եւ Արաբական Պաաս կուսակցութեան կողմէ իշխուած չէ(«Անատոլու» լրատու գործակալութիւն, 4 յուլիս, 2012, «Հիւրրիյէթ Տէյլի Նիուզ», 22 մարտ, 2012, «Թուտէյզ Զաման», 8 դեկտեմբեր, 2011)։

Թուրքմէն ղեկավարներ նաեւ կը հաստատեն, որ Հաֆեզ Ասատի կառավարութեան օրոք իրենց համայնքը Թուրքիոյ համար հաւանական «5-րդ զօրասիւն» մը կը նկատուէր, եւ Պաշշար Ասատ եւս, սուրիական ըմբոստութեան ծագումէն եւ թրքական կառավարութեան կողմէ սուրիական ընդդիմութեան ցուցաբերուած աջակցութենէն ետք, այդ նոյն կեցուածքը որդեգրած է։ Սուրիացի թուրքմէն ընդդիմադիր ղեկավարները ջանք կը թափեն, որպէսզի իրենց համայնքը երկրին մէկ բաղկացուցիչ մասը նկատուի եւ իրենց մշակութային եւ լեզուական իրաւունքները յետասատեան սահմանադրութեան մը մէջ երաշխաւորուին(«Թուտէյզ Զաման» 17 դեկտեմբեր, 2012)։

Սուրիոյ թուրքմէն համայնքի պահանջները տարբեր չեն Սուրիոյ քիւրտ համայնքի պահանջներէն, սակայն երկու համայնքները արդի Սուրիոյ մէջ լարուած յարաբերութիւններ ունին՝ թուրքմէններուն Թուրքիոյ հետ կապերուն եւ կարգ մը սուրիացի քիւրտերու քրտական ինքնավար շրջան մը ստեղծելու փափաքին պատճառով։ Սուրիացի թուրքմէն ղեկավարները կը յայտնեն, որ սուրիական հողերու վրայ ինքնավար «Արեւմտեան Քիւրտիստան» մը ստեղծելու քրտական որեւէ փորձ կը սպառնայ հազարաւոր թուրքմէններ գաղթական դարձնել(«Թուտէյզ Զաման», 23 յուլիս, 2012)։

Սուրիացի թուրքմեէն զինեալ խմբաւորումներ մասնաւորաբար կը գործեն Լաթաքիոյ Ժապալ Թուրքմէն շրջանին, Հալէպի եւ անոր արուարձաններուն մէջ, ինչպէս Հանանօ շրջանին մէջ։ Կը հաղորդուի, որ Սուրիոյ տարածքին 10,000 թուրքմէն զինեալներ մաս կը կազմեն ընդդիմադիր զինեալ խմբաւորումներու եւ անոնց ամէնէն մեծ թիւը կը գտնուի Հալէպի եւ անոր անմիջական արուարձաններուն մէջ։ Հալէպի մէջ կարգ մը թուրքմէն զինեալ խմբաւորումներ Օսմանեան կայսրութիւնը յիշեցնող անուններ կը կրեն, ներառեալ «Սուլթան Մուրատ» եւ «Ապտիւլ Համիտ Ա» ջոկատներ(«Թուտէյզ Զաման, 1 ապրիլ)։

Սուրիոյ թուրքմէն համայնքները սուրիական ընդդիմութեան մէջ աշխուժ դերակատարներ են եւ իրենց այդ մասնակցութեան պատճառով կրնան յետասատեան սուրիական որեւէ պետութեան մէջ շահաւոր կողմ ըլլալ։ Թրքական կառավարութեան քաղաքական եւ դիւանագիտական աջակցութիւնը սուրիացի թուրքմէն ընդդիմադիր խմբաւորումներուն կþապահովէ հովանաւոր մը, մինչ կը պատրաստուին յետասատեան հաւանական փոխանցման հանգրուանի մը մասնակցելու։ Թուրքմէն ղեկավարները կը թուին ապագայ սուրիական կառավարութեան մէջ քաղաքացիութեան վրայ հիմնուած ներկայացուցչութեան մը ձգտիլ եւ մինչեւ հիմա կը թուին զգուշաւոր կերպով ձգտիլ սուրիական տարատեսակ քաղաքական վիճակի մը մէջ իրենց համայնքին իբրեւ «սուրիացիներ» կարգավիճակը օրինականացնելու ձգտիլ։

Ներառուելու այս ձգտումը, որ քաղաքական կամ աշխարհագրական յստակ հիմքի չունեցող համայնքի մը համար քաղաքական գետնի վրայ կարեւոր է, կրնայ թուրքմեններու եւ Սուրիոյ այլ համայնքներու, մասնաւորաբար ալեւիներու եւ քիւրտերու հետ համայնքային սուր տագնապի մը պարագային քննութեան ենթարկուիլ։ Յետասատեան Սուրիոյ մէջ համատարած տագնապի մը հաւանականութեան պարագային յարաբերաբար փոքրաթիւ եւ աշխարհագրականօրէն տարտղնուած թուրքմէն զինեալ ընդդիմադիր խմբակները կրնան սահմանափակ կարողութիւն ունենալ իրենց ինչքերն ու հայմայնքի անդամներուն կեանքերը պաշտպանելու եւ չեն կրնար իրենց շահերուն պաշտպանութեան համար թրքական զինուորական միջամտութեան մը անպայման վստահիլ։ Ուստի բազմակարծական, յետասատեան սուրիական պետութիւն մը, որ կրնայ իր բոլոր համայնքներուն ֆիզիքական ապահովութիւնը երաշխաւորել եւ թուրքմենները «սուրիացի» կը նկատէ, ներկայ սուրիացի թուրքմէն ընդդիմութեան համար կարեւոր նպատակ մըն է։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.