Քրէական նոր գործ յարուցուած է պաշտպանութեան նախկին նախարար Դաւիթ Տօնոյեանի դէմ

ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի պաշտպանութեան նախկին նախարար Դաւիթ Տօնոյեանի դէմ քրէական նոր գործ յարուցուած է՝ պաշտօնէական լիազօրութիւնները չարաշահելու մեղադրանքով։ Այս մասին կը վկայեն Հայաստանի «Տատալեքս» դատական տեղեկատուական համակարգին մէջ հրապարակուած տուեալները։

Ըստ հրապարակուած տեղեկութիւններուն՝ նախկին նախարարին վերագրուած արարքները անզգուշութեան հետեւանքով ծանր հետեւանքներ յառաջացուցած են։ Նոյն գործով մեղադրանք ներկայացուած է նաեւ պաշտպանութեան նախարարութեան նիւթատեխնիկական ապահովման նախկին ղեկավար Նորայր Եոլչեանին՝ Տօնոյեանին օժանդակելու մեղադրանքով։

Գործը երեքշաբթի, 24 նոյեմբերին, փոխանցուած է Հայաստանի Հակափտածութեան դատարանին։ Երկու մեղադրեալներուն նկատմամբ սահմանուած է երկրէն հեռանալու արգելք։

Ասիկա Տօնոյեանի դէմ յարուցուած երկրորդ քրէական գործն է։ Նախկին նախարարը 2021-ի սեպտեմբերին ձերբակալուած էր զինամթերքի մատակարարման առնչութեամբ յարուցուած գործի մը ծիրին մէջ, իսկ 2024-ի օգոստոսին ազատ արձակուած էր գրաւի դիմաց։

Նոր մեղադրանքներուն առնչութեամբ Տօնոյեանի պաշտպանական կողմին դիրքորոշումը տակաւին չէ հրապարակուած։