Տէր Պետրոսեան կ’ողջունէ Փաշինեանի իշխանութեան դէմ դատաւորներուն եւ լրագրողներուն դրսեւորած դիմադրութիւնը

ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի առաջին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեան չորեքշաբթի, 25 նոյեմբերին, ողջունեց Հայաստանի դատաւորներուն եւ լրագրողներուն մասնագիտական կառոյցներուն վերջին ելոյթները՝ զանոնք նկատելով երկրի ներքաղաքական կեանքին մէջ շրջադարձային նշանակութիւն ունեցող զարգացումներ։

Անդրադառնալով Հայաստանի Դատաւորներու միութեան հրապարակած յայտարարութեան՝ Տէր Պետրոսեան ընդգծեց, որ անիկա թերեւս Նիկոլ Փաշինեանի աստիճանաբար խորացող բռնապետութեան դէմ ուղղուած ամէնէն լուրջ փաստաթուղթն է։ Անոր գնահատումով՝ դատաւորներուն դրսեւորած սկզբունքային կեցուածքը կրնայ նպաստել քաղաքական այնպիսի փոփոխութիւններու, որոնց ընդդիմութիւնը տարիներ շարունակ չէ յաջողած հասնիլ։

Նոր Սահմանադրութեան նախագիծով կը նախատեսուի վերագնահատման ենթարկել գործող դատաւորները, իսկ Բարձրագոյն դատական խորհուրդի բոլոր անդամներուն ընտրութիւնը վստահիլ Ազգային ժողովին։ Դատաւորներու միութիւնը զգուշացուցած է, որ առաջարկուած դրոյթները կը սպառնան դատական իշխանութեան անկախութեան եւ կը հակասեն եւրոպական չափանիշներուն։

Տէր Պետրոսեան անդրադարձաւ նաեւ լրագրողներու մասնագիտական կառոյցներուն բողոքին՝ Փաշինեանի կողմէ լրագրող Հռիփսիմէ Ճեպեճեանի հասցէին կատարուած վիրաւորական արտայայտութիւններուն կապակցութեամբ։

Առաջին նախագահին համոզումով՝ դատաւորներուն եւ լրագրողներուն դրսեւորած խիզախութիւնը Հայաստանի հասարակութեան հասունութեան վկայութիւնն է։ Ան յոյս յայտնեց, որ միջազգային համապատասխան կառոյցները անհրաժեշտ լրջութեամբ պիտի անդրադառնան դատական իշխանութեան անկախութեան սպառնացող զարգացումներուն։