Քոչարեան․ TRIPP-ի ստորագրումը ինքնին չ՛երաշխաւորեր Հայաստանի շահերը

Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան յայտարարած է, թէ Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ TRIPP նախաձեռնութեան գործարկման վերաբերեալ համաձայնագիրի ստորագրումը ինքնին չի նշանակեր, որ հաղորդակցական ուղիները պիտի ծառայեն Հայաստանի շահերուն։

ՌԲԿ-ին տուած հարցազրոյցին մէջ Քոչարեան նշած է, որ նախագիծը տնտեսական իրական օգուտներ կրնայ բերել միայն այն պարագային, երբ անոր ծիրը ընդլայնուի եւ միաժամանակ նուազեցուին Իրանի հնարաւոր բացասական արձագանգներուն հետ կապուած վտանգները։

Ան կասկած յայտնած է, թէ ինչպէս երկաթուղային ընդամէնը 42 քիլոմեթր երկարութիւն ունեցող հատուած մը ներկայացուած է որպէս համաշխարհային նշանակութեան նախագիծ՝ պնդելով, որ «Թրամփի Ուղի» նախաձեռնութիւնը մեծ մասամբ քարոզչական բնոյթ ունի եւ ուղղուած է տարածաշրջանային քաղաքական ազդակներ փոխանցելու։

Քոչարեանի համաձայն, նախագիծը աւելի օգտակար կրնար դառնալ Հայաստանի համար, եթէ անոր մէջ ներգրաւուէին նաեւ այլ դերակատարներ, ինչպիսիք են Ռուսիան կամ Չինաստանը, որոնք Իրանի կողմէ կը դիտուին որպէս բարեկամ երկիրներ։ Ան ընդգծած է, որ նման մօտեցումը կրնար նուազեցնել տարածաշրջանային լարուածութիւնները՝ առանց վնասելու ամերիկեան կողմի հետ համագործակցութեան։

Երկրորդ նախագահը նաեւ յայտնած է, որ TRIPP-ի իրականացումը դեռ չ՛երաշխաւորեր Հայաստանի ակնկալուող տնտեսական շահերը՝ մատնանշելով Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ առեւտրատնտեսական կապերու սահմանափակ ծաւալը։ Ըստ անոր, Ուաշինկթընի հիմնական հետաքրքրութիւնը կրնայ կապուած ըլլալ հայ-իրանական սահմանին մօտ ներկայութիւն ապահովելու հետ։

Աւելի կանուխ, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան յայտարարած էր, որ Երեւանն ու Ուաշինկթընը առաջիկայ շաբաթներուն կը նախատեսեն ստորագրել TRIPP նախաձեռնութեան վերաբերեալ վերջնական համաձայնագիրը։