Քիր Սթարմըր հրաժարական տուաւ

ԼՈՆՏՈՆ — Մեծ Բրիտանիոյ վարչապետ Քիր Սթարմըր յայտարարեց իր հրաժարականը՝ շեշտելով, որ իր պաշտօնավարման ընթացքին առաջնորդուած է երկիրը ամէն բանէ վեր դասելու սկզբունքով։

Սթարմըրի հեռացումը տեղի կ’ունենայ Աշխատաւորական կուսակցութեան տեղական ընտրութիւններուն արձանագրած ծանր նահանջէն, կառավարութեան վիճայարոյց որոշումներէն եւ հանրային վստահութեան կտրուկ անկումէն ետք։ Վերջին հարցախոյզներուն համաձայն, անոր կը զօրակցէր բրիտանացիներուն միայն 19 առ հարիւրը։

Անոր յաջորդելու գլխաւոր յաւակնորդը կը նկատուի Մանչեսթըրի նախկին քաղաքապետ Էնտի Բըրնհեմ, որ վերջերս կարեւոր արտահերթ ընտրութեան մը ընթացքին պարտութեան մատնած էր Նայճըլ Ֆարաժի ծայրայեղ աջակողմեան ուժի թեկնածուն։ Բըրնհեմ արդէն յայտնած է, որ պատրաստ է ստանձնելու կառավարութեան ղեկը եւ առաջադրելու իր թեկնածութիւնը կուսակցութեան առաջնորդի պաշտօնին։

Նոր առաջնորդին առջեւ պիտի դրուի բարդ խնդիր մը՝ վերականգնել Աշխատաւորական կուսակցութեան նկատմամբ խախտած վստահութիւնը եւ զսպել Ֆարաժի աջակողմեան ժողովրդահաճոյ շարժումին վերելքը՝ մինչեւ յաջորդ համապետական ընտրութիւնները։