Քեպէգ նահանգի ընդդիմադիր կուսակցութիւնը կը դատապարտէ Լաչինի միջանցքի արգելափակումը

Գանատայի Քեպէգ նահանգի ընդդիմադիր Ազատական կուսակցութիւնը, Դեկտեմբեր 16-ին հրապարակուած հաղորդագրութեամբ մը խստօրէն կը դատապարտէ Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի արգելափակումը։ Քեպէգի Ազգային ժողովի միջազգային յարաբերութիւններու ընդդիմախօս Միշէլ Սեթլաքուին, արդարադատութեան հարցերու ընդդիմախօս Անտրէ Մորինը եւ Շոմըտի ընտրատարածքի հայազգի պատգամաւոր Սոնա Լախոյեան Օլիվիէն վերոնշեալ հաղորդագրութեան մէջ մտավախութիւն կը յայտնեն, որ իրավիճակը կրնայ վերածուիլ մարդասիրական լուրջ ճգնաժամի։

Հաղորդագրութիւնը կը նշէ, որ Ազատական կուսակցութեան պատգամաւորները իրենց ձայնը կը միացնեն միջազգային հանրութեան՝ կոչ ուղղելով վերաբանալ ազատ տեղաշարժի համար նախատեսուած Լաչինի միջանցքը՝ ապահովելու համար սննդամթերքի, դեղորայքի և վառելանիւթի մատակարարումը Լեռնային Ղարաբաղի համար:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.