Փութին. «Եթէ Հայաստանը ռուսական ռազմակայանը չի ցանկար, վաղն իսկ կը հեռանանք»

ՊԻՇՔԷՔ.- Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին Նիկոլ Փաշինեանի հետ հանդիպումէն ետք լրագրողներու հետ ճեպազրոյցի ընթացքին անդրադարձած է հայ-ռուսական յարաբերութիւններուն, Հայաստանի Եւրոպական Միութեան մերձեցման, ՀԱՊԿ-ի եւ Գիւմրիի ռուսական ռազմակայանի ապագային։

Խօսելով վերջին տարիներու հայ-ռուսական լարուածութեան մասին՝ Փութին զայն կապած է Արցախի շուրջ զարգացումներուն հետ՝ յիշեցնելով 2022-ի Փրակայի հանդիպումը։

Ան ընդգծած է, որ Փաշինեան այդ հանդիպման ընթացքին ստորագրած է փաստաթուղթ մը, որով Արցախը ճանչցուած է Ատրպէյճանի մաս, որմէ ետք, իր բնորոշումով, Մոսկուայի դիրքորոշումը «երկիմաստ» դարձած է։

Փութին նաեւ պնդած է, թէ արեւմտեան երկիրները հաւաստիացուցած էին, որ Ատրպէյճանի իշխանութեան տակ պիտի ապահովուէին Արցախի հայութեան իրաւունքներն ու շահերը, սակայն ինք նախապէս զգուշացուցած էր, որ բնակչութիւնը պիտի հեռանար։

Ռուսաստանի նախագահը այժմու իրավիճակը ներկայացուցած է նաեւ իբրեւ «էջը շրջելու» կարելիութիւն՝ նշելով ենթակառուցուածքներու ապաշրջափակման, սահմաններու բացման եւ տնտեսական նոր համագործակցութեան հնարաւորութիւնները։

Անդրադառնալով Գիւմրիի ռուսական ռազմակայանին՝ Փութին յայտարարած է, որ Ռուսիա իր ռազմական ներկայութիւնը Հայաստանին պիտի չպարտադրէ։

«Եթէ Հայաստանը կը համարէ, որ ռուսական ռազմակայանը իրեն պէտք չէ, մենք նոյնիսկ վաղը կը հեռանանք», ըսած է ան՝ աւելցնելով, որ եթէ հայկական կողմը ուզէ ռուսական ռազմական ներկայութեան շարունակութիւնը, Մոսկուա պատրաստ է մնալ եւ համագործակցիլ։

Հայաստանի ԵՄ անդամակցութեան ձգտումներուն մասին խօսելով՝ Փութին կրկնած է, որ այդ մէկը Երեւանի ինքնիշխան որոշումն է, սակայն միաժամանակ ԵՄ-ի եւ ԵԱՏՄ-ի անդամակցութիւնը, իր գնահատումով, անկարելի է՝ նկատի ունենալով տարբեր տնտեսական չափանիշները։

Ան նաեւ մատնանշած է, որ Հայաստանի մէջ ԵՄ անդամակցութեան գործընթաց սկսելու մասին օրէնքի ընդունումը, ըստ էութեան, ԵԱՏՄ-էն ապագային հեռանալու ուղղութեան մասին կը վկայէ։ Փութին շեշտած է, որ Հայաստանը ԵԱՏՄ-ի անդամակցութեան շնորհիւ շարք մը տնտեսական արտօնութիւններ կը վայելէ՝ ներառեալ ուժանիւթի գիներու եւ ռուսական շուկայ մուտքի ոլորտներուն մէջ։

ՀԱՊԿ-ի հետ տարակարծութիւններուն անդրադառնալով՝ Ռուսաստանի նախագահը ըսած է, որ անոնց հիմքին մէջ հայ-ատրպէյճանական չսահմանազատուած սահմանին հարցը եղած է։ Ըստ անոր՝ Փաշինեան կ’ակնկալէր, որ ՀԱՊԿ-ը պաշտպանէ սահմանային որոշ հատուածներ, մինչ կազմակերպութեան միւս անդամները կը պնդէին, որ սահմանազատման բացակայութեան պայմաններուն մէջ հարցը այլ բնոյթ ունի։

Փութին նաեւ յայտնած է, որ Փաշինեանը հրաւիրած է Մոսկուա՝ հայ-ռուսական յարաբերութիւններու բոլոր ուղղութիւնները մասնագէտներու մասնակցութեամբ մանրամասն քննարկելու համար։

Քննարկուելիք հարցերուն շարքին ան առանձնացուցած է նաեւ Հայաստանի երկաթուղիները՝ նշելով, որ ապագայ ներդրումները կախեալ են բեռնափոխադրումներու ծաւալէն եւ տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու բացումէն, ներառեալ Թուրքիոյ հետ սահմանին հնարաւոր բացումը։