Փաշինեան կը փորձէ իբրեւ «հնարաւորութիւն» ներկայացնել ռուսական շուկայի սահմանափակումները
- (0)

ԵՐԵՒԱՆ.- Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կառավարութեան նիստին ընթացքին փորձեց նսեմացնել հայկական ապրանքներուն նկատմամբ Ռուսաստանի կիրարկած սահմանափակումներուն լրջութիւնը՝ յայտարարելով, որ ստեղծուած կացութիւնը «ճգնաժամ չէ, այլ հնարաւորութիւն»։
Փաշինեանի համաձայն՝ ռուսական շուկայի մէջ ստեղծուած խոչընդոտները հայ արտադրողներուն առիթ պիտի տան նոր շուկաներ գտնելու, զարգանալու եւ արտադրանքի որակը բարձրացնելու։ Ան շեշտեց, որ Հայաստանը պէտք է այլընտրանքներ ունենայ եւ այլեւս կախեալ չմնայ մէկ շուկայէ։
Սակայն վարչապետի լաւատեսական ձեւակերպումները չեն փոխեր այն իրողութիւնը, որ ռուսական շուկան երկար տարիներէ ի վեր հայկական արտածումներու գլխաւոր ուղղութիւններէն մէկը եղած է, իսկ անոր արագ փոխարինումը կարճ ժամանակամիջոցի մէջ գրեթէ անկարելի է։ Նոր շուկաներու ապահովումը կը պահանջէ ժամանակ, ներդրումներ, նոր չափանիշներու համապատասխանեցում եւ փոխադրական լրացուցիչ ծախսեր։
Ռուսաստան ապրիլի վերջաւորութենէն սկսեալ աստիճանաբար սահմանափակումներ կամ արգելքներ սահմանած է հայկական հանքային ջուրերու, ոգելից ըմպելիներու, ծաղիկներու, ձկնամթերքի, միրգերու, բանջարեղէններու, հատապտուղներու եւ վերջերս նաեւ կաթնամթերքի ներմուծման նկատմամբ։
Երեւան–Մոսկուա յարաբերութիւններու խորացող ճեղքին տնտեսական հետեւանքները իբրեւ պարզ «հնարաւորութիւն» ներկայացնելով՝ իշխանութիւնը փաստօրէն կը նսեմացնէ հայ արտադրողներուն եւ արտածողներուն դիմագրաւած անմիջական վտանգները, որոնք կրնան ծանր հարուած հասցնել Հայաստանի տնտեսութեան։