Փաշինեան. ԵԱՏՄ-էն դուրս գալու հարց չկայ

Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, թէ Հայաստանը ոչ միայն չի պատրաստուիր դուրս գալու Եւրասիական տնտեսական միութենէն (ԵԱՏՄ), այլ նաեւ պիտի շարունակէ օգտագործել իր լծակներն ու ներգրաւուածութիւնը՝ երկրի տնտեսական շահերը պաշտպանելու համար։

Այսօր լրագրողներու հետ ճեպազրոյցի ընթացքին Փաշինեան նշեց, թէ ԵԱՏՄ-ի ներուժը ամբողջութեամբ օգտագործուած չէ՝ օրինակ բերելով Հայաստանի եւ Ղազախստանի միջեւ սահմանափակ առեւտրաշրջանառութիւնը։ Ան ընդգծեց, թէ Ատրպէյճանի տարածքով երկաթուղային հաղորդակցութեան բացումը մեծ հնարաւորութիւններ կը ստեղծէ Հայաստանի, Ղազախստանի եւ Ղրղըզստանի միջեւ առեւտրատնտեսական կապերու զարգացման համար։

«ԵԱՏՄ-ի մէջ մենք ներուժ կը տեսնենք, եւ առանց լարուածութեան, գործընկերային հանդարտ մթնոլորտի մէջ պիտի շարունակենք աշխատիլ եւ բոլոր հարցերը լուծել»,– ըսաւ Փաշինեան։

Վարչապետը նաեւ վստահեցուց, թէ Հայաստանի տնտեսութեան համար սպառնալիքներ չի տեսներ, այլ՝ «անծայրածիր հնարաւորութիւններ», որոնց առանցքը, ըստ իրեն, TRIPP նախագիծն է։

Մինչ այդ, Մոսկուան երկար ժամանակէ ի վեր Երեւանը կը յորդորէ ընտրութիւն կատարել ԵԱՏՄ-ի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ։ Հայկական կողմը, իր հերթին, կը պնդէ, թէ նման ընտրութեան պահը տակաւին չէ հասած։

Ռուսաստանի փոխվարչապետ Ալեքսէյ Օւերչուքը աւելի վաղ յայտարարած էր, թէ մայիս 28-29-ին կայանալիք ԵԱՏՄ գագաթնաժողովին ընթացքին պիտի քննարկուի Հայաստանի կարգավիճակին վերաբերող հարցը։ Սակայն ան նախօրեակին ընդգծած էր, թէ Հայաստանի անդամակցութեան վերաբերեալ որոշումներ չեն նախատեսուիր։

«Պայմանագիրը փոխելու համար համաձայնութիւն է անհրաժեշտ, իսկ Հայաստանը, ինչպէս գիտենք, չի պատրաստուիր դուրս գալ ԵԱՏՄ-էն»,– նշած էր Օւերչուքը։