Ցեղասպանութեան ճանաչումը եւ Հայաստանի ու Արցախի բարգաւաճումը՝ միաւորող նպատակներ

  • 5) Քաղաքական յանձնառութիւն

«Հորիզոն».- Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնադրամի Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքի նախաձեռնութեամբ`Սփիւռքի հետազօտական նոր ծրագիր մը սկսաւ անցեալ տարի: «Հայ սփիւռքի հարցախոյզ» (Armenian Diaspora Survey) Հետազօտական ծրագրին նպատակն է խիստ կարեւոր բաց մը գոցել Սփիւռքի վերաբերող գիտելիքներուն մէջ, որպէսզի կարելի ըլլայ գոյացնել փաստերու վրայ հիմնուած հասկացողութիւնը մը՝ բազմակողմանի եւ բազմաշերտ սփիւռքեան ժամանակակից կեանքին մասին:

Առաջին հանգրուանով, սփիւռքեան չորս քաղաքներու մէջ (Պոսթըն, Գահիրէ, Մարսէյ եւ Փասատենա), Մայիս եւ Յունիս 2018-ին, աւելի քան 1000 հայեր իրենց մասնակցութիւնը բերին այս աննախընթաց հարցախոյզին, գլխաւորութեամբ՝ գիտնականներու, հետազօտողներու եւ փորձագէտներու: Այս քաղաքներու հարցախոյզերու արդիւնքները արդէն առցանց հրապարակուած են www.armeniandiasporasurvey.com կայքէջին մէջ։ Այս տարուան հարցախոյզը կը շարունակուի Մոնթրէալի, Արժանթինի,Ռումանիոյ եւ Լիբանանի մէջ։

«Հորիզոն» յաջորդաբար պիտի հրատարակէ 2018-ի ուսումնասիրուած հիմնական թեմաներու մասին յօդուածաշարք մը, որոնց անգլերէն տարբերակը հրատարակուած է ծրագրի կայքէջին վրայ։ Կը հրատարակենք շարքի երկրորդ յօդուածը։ Առաջին յօդուածը կարդալ այս յղումով։

Նախորդող յօդուածները կարդալ հոս, հոս, հոս, հոս եւ հոս։

Սօսի Գասպարեան

Հետազօտութեան մէջ քաղաքականութեան եւ յանձնառութեան վերաբերող հարցումներուն նպատակն էր ուսումնասիրել հարցապնդուած անձերուն քաղաքական ինքնութիւնը, կողմնորոշումները եւ գործունէութիւնը: Հետազօտութեան շնորհիւ պարզուեցաւ, որ սփիւռքահայերը կը գործեն տարբեր մակարդակներու վրայ՝ հակոտնեայ բայց նաեւ համընկնող շերտերով. տեղական համայնքին մակարդակը (այս պարագային` Փասատինա, Պոսթըն, Մարսէյ եւ Գահիրէ), սփիւռքահայը կամ ներազգային տարածքը, իբրեւ քաղաքացիներ հիւրընկալ/ապաստան երկիներուն, ուր հաւանաբար կը բնակին սերունդներէ ի վեր: Հետազօտութիւնը պարզեց, որ մասնաւոր տարբերութիւններ չկան պատասխան-յայտնաբերումներուն մէջ, ըլլա՛յ սեռի տեսակէտէն կամ անցանց/առցանց պատասխաններու մակարդակին վրայ: Ընդհանուր առմամբ, հարցապնդուողներուն «քաղաքական տեսակէտները» կ’արտայայտեն զիրենք հիւրընկալող երկրի լայն բնակչութեան տեսակէտները: Կարգ մը հարցումներ չներկայացուցինք Գահիրէի համայնքին, ուր քաղաքական ենթահողը այդ հարցումները կը դարձնէր անյարիր իրենց իրավիճակին:

Ցեղասպանութեան ճանաչում

Զարմանալի չէ, որ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը կը շարունակէ մնալ սփիւռքահայ բոլոր համայնքները միախմբող անառարկելի մտահոգութիւնը: Հարցապնդուածներուն 10-էն գրեթէ 9-ն «շատ/բաւական կարեւոր» կը նկատէ, որ զիրենք հիւրընկալող երկիրները ճանչնան Ցեղասպանութիւնը, իսկ հարցապնդուածներուն 95%-ը կը մտածէ, որ «բաւական/շատ կարեւոր» է Թուրքիոյ ճանաչումը:

Ցեղասպանութեան ճանաչման գծով միակ հակասական երեւոյթը պարզուեցաւ Մարսէյի մէջ, ուր հարցապնդուածներուն 17%-ը յայտնեց, որ ասի երբեք կարեւոր չէ, նոյնիսկ երբ 81.5%-ը զայն կը նկատէ «շատ կարեւոր»: Նկատի առնելով, որ Ֆրանսան արդէն ճանչցած է Ցեղասպանութիւնը, հաւանաբար ակնկալելի պէտք է թուի, որ անիկա քիչ մը տարբերի միւս համայնքներէն: Պէտք է նշել, որ այս հարցին շուրջ Եգիպտոսի մէջ որոշ աշխուժութիւն նշմարելի է, ուր երեսփոխաններ համակրանք կ’արտայայտեն այս հարցին նկատմամբ: Այս իրողութիւնը կը զուգադիպի Թուրքիոյ հետ Եգիպտոսի յարաբերութիւններու վատթարացման եւ «Իսլամ եղբայրներու» իշխանութեան անկումին, հետեւաբար անիկա կը համընկնի պետական քաղաքական ուղղութեան: 2015-ին, Ցեղասպանութեան 100-ամեակի նշումը Եգիպտոսի մէջ դարձաւ եգիպտական ամենէն ծաւալուն լրատուամիջոցներու ուշադրութեան առարկան:

Այն հարցումին, թէ արդեօք իրենք համաձա՞յն են զինուորական միջամտութիւններու՝ պաշտպանելու այլ ժողովուրդներ, որոնք «կ’ենթարկուին ցեղասպանութեան, խտրականութեան, կոտորածներու», հարցապնդուածներուն մեծ մասը պատասխանեց «այո» (70%), թէեւ զգալի փոքրամասնութիւն մը (21%) «կարծիք չունիմ» ըսաւ:

Հարցապնդուածներուն ճնշող մեծամասնութիւնը դիտած է «Խոստումը» ֆիլմը՝ ամենէն բարձր համեմատութեամբ Պոսթընի մէջ (գրեթէ 10-էն 9-ն), իսկ ամենէն ցած համեմատութիւնը՝ Գահիրէի մէջ 74%-ով, ուր անիկա ցուցադրուած է շատ կարճ ժամանակով: Այս վիճակագրութիւնը ցոյց կու տայ, թէ որքան կարեւոր էր ֆիլմը սփիւռքին համար, որ իր պատմութիւնները տեսաւ պատկերուած մեծ պաստառի վրայ՝ ուղղուած համաշխարհային դիտողին եւ իրեն վերադարձած՝ Հոլիվուտի ճամբով:

Քաղաքական պատկանելութիւններ

Հետազօտութեան մասնակցողներուն ճնշող մեծամասնութիւնը (73%) նշեց, որ իրենք «ոչ մէկ հայկական քաղաքական պատկանելութիւն ունին», երբ հարց տրուեցաւ, թէ արդեօք իրենք «գործուն մասնակցութիւն ունի՞ն հայկական որեւէ քաղաքական կուսակցութեան կամ շարժումի մէջ»: Հետաքրքրական է, որ 35-54 տարիքային խմբաւորումին 10-էն մօտ 8-ն ըսաւ, որ «ոչ մէկ հայկական քաղաքական պատկանելիութիւն ունի», մինչդեռ 34 եւ վար տարիքային խմբաւորումին պարագային այդ համեմատութիւնը 10-էն մօտ 7-ն է, մտածել տալով որ թերեւս այդ ուղղութիւնը կը շրջուի երիտասարդներուն մօտ: Գահիրէն կ’առանձնանայ միւս համայնքներուն մէջ, ուր միայն շուրջ 10-էն 6-ը չունի հայկական քաղաքական պատկանելիութիւն, մտածել տալով որ այս փոքր եւ սեղմ համայնքը աւելի կեդրոնացած է իր աւանդական քաղաքական կուսակցութիւններուն եւ կազմակերպութիւններուն շուրջ, քան այս հետազօտութեան մէջ նկատի առնուած միւս համայնքները: Այս կը համապատասխանէ իսլամ երկրի մը մէջ քրիստոնեայ փոքրամասնութիւն մը ըլլալու իրողութեան, ուր ղպտիները, եգիպտացի քրիստոնեաները կը գտնուին չափազանց անորոշ եւ խոցելի քաղաքական իրավիճակի մը մէջ: Այս իրողութիւնը նաեւ կ’արտայայտուի Գահիրէի համայնքին բարձր մակարդակի կազմակերպուածութեամբ եւ ենթակառոյցով, որ կը գերազանցէ անոր իսկական չափը:

Հարցապնդուածներուն 10-էն 8-ն անդամ չէ սփիւռքահայ քաղաքական կուսակցութիւններուն: Կուսակցական պատկանելիութիւնը 20%-էն պակաս է: Չորս քաղաքներուն մէջ առաւելագոյն անդամ ունեցող կուսակցութիւնը ՀՅԴ-ն է (13.5%), մասնաւորաբար 34 եւ վար տարիքային խմբաւորումին մօտ, մտածել տալով որ այս կուսակցութիւնը կը ներգրաւէ աւելի երիտասարդ անդամներ: Սփիւռքի միւս երկու կուսակցութիւններուն՝ ՍԴՀԿ-ի եւ ՌԱԿ-ի անդամակցութիւնը կը կազմէ յաջորդաբար 3%-էն պակաս: Պէտք է նշել, որ սովորաբար հայերը «գործուն անդամակցութիւն» չեն ունենար սփիւռքահայ քաղաքական կուսակցութիւններուն, բայց ընդհանրապէս կ’ըլլան համակիրներ, որոնք կը կապուին ընտանեկան նկատառումներով կամ կուսակցութիւններու կազմակերպած ձեռնարկներուն մասնակցելու ճամբով:

Յանձնառութեան առումով, 64%-ը նշեց, որ «երբեմն/յաճախ» կամաւոր աշխատանք կը տանի հայկական կազմակերպութիւններուն համար. աւելի ճշգրիտ, 10-էն 6-ը՝ «յաճախ»՝ ամենէն բարձր համեմատութեամբ Պոսթընի մէջ (46%), յատկապէս 55 եւ վեր տարիքային խմբաւորումին պարագային (43%): Հարցապնդուածներուն շուրջ քառորդը «երբեմն» կամաւոր աշխատանք կը տանի, իսկ այլ 35% մը՝ «հազուադէպօրէն կամ երբեք»: Ինչ կը վերաբերի ոչ հայկական կազմակերպութիւններու մէջ կամաւոր աշխատանքին, ապա չորս քաղաքներուն մէջ բոլոր հարցապնդուածներուն գրեթէ 10-էն 6-ը յայտնեց, որ իրենք «երբեք» կամ «հազուադէպօրէն» կը կատարեն, առնուազն Մարսէյի մէջ՝ 10-էն 1-ը, մինչ Պոսթընի մէջ՝ 10-էն 3-ը:

Նուիրատուութիւններ

Հարցապնդուածներուն մեծ մասը որոշ չափով նուիրատուութիւն կատարած է բարեգործական նպատակներով, ամենէն աւելի Պոսթընի մէջ՝ ցոլացնելով բարեգործութեան ամերիկեան աւանդութիւնը եւ այն փաստը, որ անիկա երկարատեւ եւ հաստատուած համայնք է: Գահիրէի համայնքը դրսեւորեց քիչ մը նուազ առատաձեռնութիւն, շատ հաւանաբար որովհետեւ համայնքային կառոյցները արդէն բաւարար պիւտճէ ունին եւ Եգիպտոսի մէջ առկայ է մնայուն բարեգործութեան մշակոյթ մը առօրեայ գործառնութիւններու ընդմէջէն (որ կարելի պիտի չըլլայ պաշտօնական նուիրատուութիւն նկատել այս հարցումի ծիրին մէջ): Հայկական հարցերը մասնաւոր նախասիրութիւն չեն ներկայացներ հարցապնդուածներու բարեգործական նկատառումներուն մէջ: Պոսթընը բացառութիւն է, ուր հարցապնդուածներուն մէկ երրորդը իրենց նուիրատուութեան 75-100%-ը կու տան հայկական հարցերու:

Հարցապնդուածներու կէսէն աւելիին համար, վերջին տասը տարիներուն մասնաւոր փոփոխութիւն տեղի չէ ունեցած սփիւռքեան հաստատութիւններու եւ դատերու տրամադրուած նուիրատուութիւններուն մէջ (ներառեալ՝ եկեղեցին) բացի Գահիրէէն, ուր ընդհանուր առմամբ կը խօսուի նաեւ զգալի աճի մը մասին, եւ յատկապէս Պոսթընը` 53%-ով: Հայաստան/Արցախի տրամադրուած նպաստները մնացած են անփոփոխ հարցապնդուածներու մեծամասնութեան համար (64%), աւելի բարձր համեմատութեամբ` Փասատինայի (68%) եւ նուազ համեմատութեամբ Մարսէյի մէջ 57%-ով: Ընդհանուր առմամբ, հարցապնդուածներուն 4-էն 1-ը նշեց, որ նուիրատուութիւնները աւելցած են վերջին տասնամեակին, բացի Գահիրէէն, ուր միայն 16%-ը ըսաւ, որ աճ արձանագրուած է: Ինչ կը վերաբերի այլ նուիրատուութիւններու, մեծամասնութիւնը յայտնեց որ ոչ մէկ փոփոխութիւն տեղի ունեցած է նուիրելու իրենց սովորութեան մէջ՝ զգալի աճով մը Փասատինայի (27%) եւ Պոսթընի մէջ (32%):

Հարցապնդուածներուն ճնշող մեծամասնութեան համար, Միջին Արեւելքի հայկական սփիւռքի համայնքներուն օժանդակութեան ձեռք երկարելը կը նկատուի «բաւական/շատ կարեւոր»: Հետազօտուած Միջին Արեւելեան միակ համայնքը` Գահիրէն, գրեթէ նոյն արդինքները տուաւ ինչպէս միւսները: Այս մէկը մտածել կու տայ, որ Միջին Արեւելքը, ուր արեւմուտքի շատ մը համայնքները իրենց արմատները ունին հոն, կը շարունակէ առաջնահերթ նկատուիլ եւ մնալ ուշադրութեան կեդրոնը իրերայաջորդ սերունդներու համար՝ շօշափելի նիւթական կամ անձնական կապեր պահած ըլլան կամ ոչ: Քաղաքական աւելի ծաւալուն խորքը այն է, որ Միջին Արեւելքի քրիստոնեաները, անոնց շարքին հայերը, կը դիմագրաւեն գոյատեւման ճգնաժամ մը, հետեւեբար այս արդիւնքները զարմանալի չեն թուիր եւ հաւանաբար անոնք նաեւ նկատուին դրսեւորումները աւելի լայն (ոչ հայկական) պարունակի մը:

Ընտրութիւններ

Հարցապնդուածներուն մեծամասնութիւնը նշեց, որ զիրենք հիւրընկալած երկիրներուն մէջ քուէարկած են ազգային/տեղական ընտրութիւններուն: Մարսէյի մէջ 18%-ը ըսաւ, որ քուէարկելու իրաւունք չունէին, իսկ 13%-ը նշեց, որ չքուէարկեցին, նկատառելի համեմատութիւն մը՝ որ այս կամ այն պատճառով զրկուած էր քուէարկութեան իրաւունքէ, թերեւս որովհետեւ նոր ժամանած էին կամ քաղաքացի չէին (տակաւին): Ընդհանուր առմամբ, 55 եւ վեր տարիքային խմբաւորումը ունէր ընտրողներու մեծագոյն փաղանգը (84%), բաղդատած 34 եւ վար տարեկաններու 47%-ին հետ: Ասիկա կը ցոլացնէ արեւմուտքի մէջ ծաւալած համաշխարհային ուղղութիւն մը, ուր ժողովրդավարութիւնը ճգնաժամային վիճակ մը ունի եւ ուր երիտասարդ քաղաքացիները պատրանաթափ եղած են ազգային քաղաքականութենէն եւ աւանդական կուսակցութիւններէն:

Հարցապնդուածներուն «քաղաքական տեսակէտները» կը թուին նոյնացած ըլլալ զիրենք հիւրընկալած երկրի լայն բնակչութեան տեսակէտներուն հետ: Բարձր համեմատութեամբ պահպանողական քուէարկողներ կային Փասատինայի մէջ (43%), իսկ իրենք զիրենք ազատական նկատող քուէարկողներու մեծ մասը` Մարսէյի մէջ (27.6%): Այսուհանդերձ, իւրաքանչիւր համայնքին մէջ զգալի խումբ մը նշեց, որ իրենց տեսակէտները «խառնուրդ» էին: Զարմանալի չէ, որ 55 եւ վեր տարիքային խմբաւորումին մէջ կային ամենէն աւելի շատ թիւով մարդիկ, որոնք կը ներկայանային իբրեւ պահպանողական (38.5%), իսկ ամենէն աւելի երիտասարդներուն մէջ՝ նուազագոյն թիւով պահպանողականներ:

Այս հետազօտութիւնը ընդգրկած ամերիկեան երկու համայնքներուն մէջ, քուէարկութեան նախասիրութիւնները կը համապատասխանէին աւելի լայն բնակչութեան ուղղութիւններուն: Յատկանշական է, որ Մ. Նահանգներու քաղաքական բեւեռացումներու իրավիճակին մէջ, 34 եւ վար տարիքային խմբաւորումին 42.5%-ը չեն քուէարկած, նոյնպէս կիներու 20%-ը՝ բաղդատած այր մարոց 9%-ին: Հետազօտութեան մէջ, մեծագոյն թիւով Թրամփի քուէարկողները կը պատկանին 55 եւ վեր տարիքային խմբաւորումին (41%) եւ ընդհանրապէս տղամարդիկ (34.2%): Ըստ երեւոյթին, հայ ամերիկացիները որդեգրած են Մ. Նահանգներու քաղաքական ընտրական մշակոյթը եւ հարազատօրէն կ’արտայատեն հանրապետականներու եւ դեմոկրատներուն միջեւ առկայ խորքային բաժանումները եւ թշնամութիւնները, կամ աւելի յստակ բնորոշումով՝ բաժնուած են թեկնածուներ Թրամփի ու Քլինթընի եւ բնականօրէն անոնց ներկայացուցած ուղղութիւններուն միջեւ: Այս մէկը կ’ենթադրէ զօրաշարժ զանազան մակարդակներու վրայ եւ որդեգրում խիստ եւ մարտական լեզուի: Ներկայիս, ֆէյսպուքի վրայ գոյութիւն ունին երկու խումբեր`«Հայեր Թրամփի համար» անունով, որ ինքզինք կը ներկայացնէ իբրեւ «քաղաքական կազմակերպութիւն» եւ ունի 19,500-է աւելի «լայքեր», իսկ միւսը` 3,487 անդամով կը ներկայանայ որպէս համայնքային խմբաւորում եւ ստեղծուած է 12 Յունիս 2016-ին:

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.