Ցեղասպանութեան հարցով իշխանութիւններու քաղաքականութիւնը կրնայ ժխտական ազդեցութիւն ունենալ միջազգային դիրքորոշումներուն վրայ. Սեւակ Պէլեան
- (0)

Հորիզոն Մետիայի վարիչ խմբագիր եւ Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի անդամ Սեւակ Պէլեան, Alpha News-ի հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին, անդրադարձած է Հայաստանի իշխանութիւններուն կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման հարցի նկատամամբ որդեգրուած քաղաքականութեան եւ անոր հնարաւոր ազդեցութիւններուն՝ թէ՛ Սփիւռքի, թէ՛ միջազգային հանրութեան դիրքորոշումներուն վրայ։
Պէլեան նշած է, որ Հայաստանի անկախութենէն ի վեր Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը դիտուած է որպէս առաջնահերթութիւն՝ ընդգրկուած ըլլալով երկրի արտաքին քաղաքականութեան հիմնական ուղղութիւններուն մէջ։ Անոր համաձայն՝ այս օրակարգին մէջ տեղի ունենալիք որեւէ փոփոխութիւն կրնայ իր ժխտական ազդեցութիւնը ունենալ տարբեր երկիրներու մօտեցումներուն վրայ, թէեւ առայժմ նման կտրուկ փոփոխութիւններ չեն արձանագրուած։
Միեւնոյն ժամանակ, ան ընդգծած է, որ միջազգային շրջանակներուն մէջ արդէն իսկ կարելի է նկատել որոշ արձագանգներ եւ ակնարկներ։ Ըստ այդ կարծիքներուն՝ եթէ Հայաստանը վերանայի իր քաղաքական առաջնահերթութիւնները, ապա Սփիւռքն ալ գուցէ ստիպուած ըլլայ վերանայելու իր պահանջատիրութեան ձեւերն ու մակարդակը՝ շարունակելով յիշել եւ ոգեկոչել, բայց տարբեր շեշտադրումներով։ Այս զարգացումներուն ի տես, Սփիւռքը պէտք է ըլլայ վճռակամ եւ անզիջող, կտրականապէս մերժելով նման մօտեցումներ, նշած է Պէլեան։
Պէլեան աւելցնելով ըսած է, որ թէեւ նման տեսակէտները պաշտօնական բնոյթ չեն կրեր, սակայն արդէն շրջանառութեան մէջ են եւ կրնան յետագային աւելի յստակ արտայայտութիւն ստանալ։
Ան նաեւ զգուշացուցած է, որ նման զարգացումներ կրնան վտանգաւոր հետեւանքներ ունենալ, որովհետեւ տարբեր երկիրներ կրնան վերանայիլ իրենց դիրքորոշումները՝ յղում կատարելով Հայաստանի ներկայ իշխանութիւններու վարքագիծին եւ յայտարարութիւններուն։