«Տէր Զօրի Ս. Նահատակաց մատուռը պէտք է վերականգնի». Սուրէն Արք. Գաթարոյեան

Հոգելոյս Սուրէն Արք. Գաթարոյեանի մահուան քառասնօրեակին առթիւ վերստին կը հրապարակենք 2021 թուականի Մայիսին Սրբազան հօր հետ կայացած «Հորիզոն»ի հարցազրոյցը։

«Հորիզոն»ի գլխաւոր խմբագիր Վահագն Գարագաշեանի հետ կայացած հարցազրոյցը կը կեդրոնանայ Սրբազան հօր հրատարակած «Իննսունամեայ հունձքը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքին» երախտաշատ աշխատանքին վրայ։ 1930-2020 երկարող ժամանակահատուածի 101 հոգեւորականներու կենսագրութիւնները Սրբազան հայրը ի մի բերած է մէկ հատորի մէջ։ 8 Կաթողիկոսներու կողքին՝ հոն տեղ գտած են եպիսկոպոսներու, վարդապետներու եւ աբեղաներու կենսագրութիւնները։

Անդրադարձ կատարուած է Սրբազան հօր Բերիոյ թեմին 27 տարիներու ծառայութեան եւ սուրիահայութեան հոգեւոր եւ համայնքային կեանքի կազմակերպման մէջ Սրբազան հօր երախտաշատ դերակատարութեան։

Բերիոյ Թեմի իր առաջնորդութեան օրով կեանքի կոչուած է Տէր Զօրի Սրբոց նահատակաց մատուռը, որ հայ ազգի յիշողութեան վկայարանն է, կառուցուած հոն, ուր կատարուած է 20-րդ դարու մեծագոյն եղեռնագործութիւնը։ Սրբազանը կ՚անդրադառնայ յուշարձանի կառուցման ժամանակագրութեան։ Հարցազրոյցի ընթացքին Սրբազան Հայրը կ՚անդրադառնայ նաեւ ՀՅԴ-ի հետ իր երկարամեայ համագործակցութեան։

Մանրամասնութիւնները տեսանիւթով

 

Comments are closed.