Տէր եւ Տիկին Վահէ եւ Հռիփ Թոքմաքճեան 500,000 կը նուիրեն Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցւոյ
- (0)

Սուրբ Աստուածածին Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ ընտանիքը անհուն ուրախութեամբ կը յայտնէ մեր սիրելի հաւատացեալ ժողովուրդին, թէ Տէր եւ Տիկին Վահէ եւ Հռիփ Թոքմաքճեաններ, ազնիւ ու օրինակելի եկեղեցասիրութեամբ, կատարած են 500,000 գանատական տոլարի իշխանավայել նուիրատուութիւն՝ ի նպաստ Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցւոյ նորոգութեան աշխատանքներուն։
Մեծասիրտ եւ առատաձեռն այս նուիրատուութիւնը գեղեցիկ արտայայտութիւն մըն է հաւատքի, նուիրումի եւ համայնքային պատասխանատուութեան։ Ան միաժամանակ խօսուն վկայութիւն մըն է այն սիրոյն, հաւատարմութեան եւ խոր կապուածութեան, զոր մեր ժողովուրդի զաւակները կը տածեն իրենց սուրբ եկեղեցւոյ նկատմամբ։
Եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքին եւ հաւատացեալ ժողովուրդին անունով՝ մեր խորին երախտագիտութիւնը կը յայտնենք Թոքմաքճեան ազնիւ ամոլին եւ կ՛աղօթենք, որ Ամենակալ Տէրը առատապէս օրհնէ զիրենք եւ իրենց ընտանիքը՝ պարգեւելով քաջառողջութիւն, խաղաղութիւն, բարգաւաճութիւն եւ երկար տարիներ։