Տեղի ունեցաւ ՀՅԴ ԳՊՄ-ի «Արմատներուս կանչով» խորագիրը կրող համագանատական սեմինար-բանակումը
- (0)

ՀՅԴ Գանատայի Պատանեկան Միութիւններու «Արմատներուս կանչով» կարգախօսով համագանատական սեմինար-բանակումը տեղի ունեցաւ 9-12 հոկտեմբեր 2026-ին, Օթթաուայի Քրիսթի Լէյք բանակավայրին մէջ, մասնակցութեամբ Թորոնթոյէն, Գեմպրիճէն, Վանգուվըրէն, Մոնթրէալէն եւ Լաւալէն ժամանած 145 պատանիներու եւ 33 վարիչ-պատասխանատուներու։
Սեմինար-բանակումին պաշտօնական բացումը տեղի ունեցաւ շաբաթ առաւօտեան՝ դրօշակի արարողութեամբ եւ քայլերգներու երգեցողութեամբ։ Արարողութեան ընթացքին բոլոր պատանիներն ու վարիչ-պատասխանատուները յիշեցին ՀՅԴ Գանատայի Պատանեկան Միութեան ընտանիքէն վաղաժամ առյաւէտ մեկնած ընկհ. Լենիա Եաղճեանն ու ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ ընկհ. Մարալ Մինասեան-Քիւլլահեանը, ինչպէս նաեւ ոգեկոչեցին վեց տարիներ առաջ Արցախեան պատերազմի ընթացքին իրենց կեանքը զոհաբերած Վարանգաթաղի բոլոր ընկերներուն յիշատակը։
Ապա պատանիները բաժնուեցան երեք խումբերու՝ կարմիր, կապոյտ եւ նարնջագոյն։ Չորս օրերու ընթացքին անոնք մասնակցեցան «iron man»-ի, «scavenger hunt»-ի, «talent show»-ի, «capture the flag»-ի եւ երգեցողութեան մրցոյթներու՝ հաւաքելով միաւորներ։ Ախոյեանութիւնը շահեցաւ կարմիր խումբը։ Ընկերային խաղերուն առընթեր, տեղի ունեցան նաեւ դաստիարակչական դասախօսութիւններ։
Երէց եւ կրտսեր պատանիներուն համար կազմակերպուեցան հետեւեալ նիւթերով դասախօսութիւնները. «Հայ Դատ» (ընկ. Սեւակ Պէլեան), «Մեր արմատները եւ մենք» (ընկհ. Թալիա Ճապրայեան), «Ազգային արժէքներ» (ընկ. Յովիկ Գույումճեան) եւ «Սփիւռք, արեւմտահայերէն եւ հայոց պատմութիւն» (ընկհ. Նորա Արուշեան)։ Դաստիարակչական բաժինը եզրափակուեցաւ ընկհ. Արիանէ Թասլաքեանի «Եթէ արմատներս խօսէին, ի՞նչ կ՚ըսէին» խորագրով աշխատանոցով։
Շաբաթ երեկոյեան բանակավայր ժամանեցին ընկ. Սագօ Թաշճեան եւ ՀՅԴ ԳԵՄ-ի Մոնթրէալի «Լեւոն Շանթ» եւ Լաւալի «Բեկոր Աշոտ» մասնաճիւղերու ատենապետ ընկ. Կրէկ Քոչոյեան՝ հայկական ժողովրդական եւ ազգային երգերով ճոխացնելու համար մթնոլորտը։ Երկու երեկոներու ընթացքին պատանիները խմբուեցան խարոյկին շուրջ եւ երգեցին յեղափոխական երգեր։ Երգերուն ոգիէն ներշնչուած՝ անոնք ուխտեցին հաւատարիմ մնալ իրենց արմատներուն եւ մեր հարուստ ազգային ժառանգութիւնը փոխանցել յաջորդ սերունդներուն։
Երկուշաբթի առաւօտեան սեմինար-բանակումը պաշտօնապէս փակուեցաւ դրօշակի արարողութեամբ եւ «Մշակ բանուոր» քայլերգի երգեցողութեամբ։
ՀՅԴ ԳԱՆԱՏԱՅԻ ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՎԱՐԻՉ ՄԱՐՄԻՆ